ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16ի կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս ժամանած է:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր եկեղեցին եւ Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ. ծանօթ է, որ յառաջիկայ օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին վրայ տեղ ունի Ցեղասպանութեան 100ամեակը, իսկ յառաջիկայ Նոյեմբերին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեր եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. ժողովը: Հիւր սրբազանը անդամ է այդ ժողովէն բխած Ծիսակատարութեան յանձնախումբին, իսկ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազանը անդամ է Նահատակներու սրբադասման յանձնախումբին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.