
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Շիրակ Խոճայեանի արտադրած երկու վաւերագրական շարժապատկերներու ցուցադրութիւնը:
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ ցուցադրուեցան մրցանակակիր բեմադրիչին «Ծիրան. Օրհնուած Ծառը Հայաստանի» (Apricot, Blessed Tree of Armenia) եւ «Արագիլ» (Aragil, the White Stork) ֆիլմերը: Բեմադրիչը ներկայ էր ցուցադրութեան։ Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց հարցերու յանձնաժողովէն Փաուլա Տիվայն, Կլենտէյլ քաղաքի հանրային գրադարանի Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեան, Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Արա Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ՝ Վարանդ Մարգարեան, Քրիս Միրզայեան, Մանուկ Մանուկեան ու ՀՕՄի «Սիփան», «Կարս» ու «Անահիտ» մասնաճիւղերէն ընկերուհիներ։
