ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Էմրահ Այտընոնաթ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նոր նստավայրին վերաբերեալ հետաքրքրական տուեալներ հրապարակած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի մէջ: Ան կը պնդէ, որ Էրտողանի նոր նստավայրին համար ծախսուած է մօտաւորապէս 300 միլիոն տոլար՝ յիշեցնելով, որ այդ գումարով կարելի էր 3 արբանեակ ուղարկել դէպի Հրատ մոլորակը, ինչպէս անցեալ շաբաթ կատարած էր Հնդկաստան։ Ան առաջարկած է այդ գումարը ծախսելու այլ տարբերակներ եւս, օրինակ՝ աւելի որակաւոր դասագիրքերու, գաղթականներու ապաստարաններ պատրաստելու եւ այլն:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան որոշած էր փոխել նախագահի նստավայրը, որ նախապէս հայերէ խլուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.