ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հոլիվուտի հռչակաւոր «Քամըտի Սթոր»ին մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ (դռները կը բացուին ժամը 7ին) տեղի պիտի ունենայ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանին ի նպաստ Խնդուքի տարեկան երկրորդ երեկոն՝ նախաձեռնութեամբ եւ հանդիսավարութեամբ վարժարանի 1994ի շրջանաւարտներէն Արա Պասիլի:
Շարք մը յայտնի կատակաբաններու կողքին, ձեռնարկին կը մասնակցի Անճելօ Ցարուշասը։ Երեկոյին երաժշտութիւնը պիտի տրամադրէ «DJ Hye FX»ը:
Տոմսերու սակը 60 տոլար է։ Տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (323) 650-6268 թիւին կամ այցելել՝ www.itsmyseat.com/events/933608.html կայքէջը։
«Քամըտի Սթոր»ի հասցէն է՝ 8433 Sunset Boulevard, Los Angeles, CA, 90069:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.