Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է թանգարան–հաստատութեան տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, որ հայ ժողովուրդին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է մեծ հայասէր Ինգա Նալբանդեանին՝ անոր կատարած անգնահատելի աշխատանքին համար:
Խօսք առած է նաեւ Ինգա Նալբանդեանի թոռը՝ Ֆրանս Նալբանդեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է մեծ մօր կենսագրութիւնը։
Ներկայացուած է նաեւ Ինգա Նալբանդեանի 1917 թուականին «Քո Եղբօր Արիւնն Է Կանչում» եռապատումի հայերէն թարգմանութիւնը: Աշխատանքը բաղկացած է երեք գիրքերէ՝ Մեծ ցաւը, Ճակատագիրով պատժուածները, Սպիտակ դաշտը: Դանիերէնէ թարգմանութիւնը կատարած է Յասմիկ Կուրղինեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ Ինգա Նալբանդեանի 135ամեակին առթիւ հրատարակուած նամակաբաշխական բացիկի մարման արարողութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.