13 Հոկտեմբերին զօրամիաւորման բոլոր ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստութեան վիճակի եւ 30 քիլոմեթր երթ կատարած են։
Կայացող վարժութիւններուն ա-ռանձնայատկութիւնը այն է, որ Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շուրջ 3 հազար զինուորներ եւ աւելի քան 500 միաւոր ռազմական ու յատուկ համակարգ միաժամանակ 30, 50 եւ 100 քիլոմեթր երկարութեան երթեր կը կատարեն ստորաբաժանումներու կազմին մէջ: 17 Հոկտեմբերին անոնք «Ալագեազ» զինափորձարանին մէջ ամէն տեսակի զէնքերով մարտական հրաձգութիւն պիտի կատարեն ենթադրեալ հակառակորդին վրայ:
Երկու երթուղիներով ռազմական համակարգերու շարժման ընթացքին հետեւած է անօդաչու թռչող սարքերու ստորաբաժանումը՝ «Նաւոդչիկ-2» նոր համալիրի «Զաստաւա», «Լէեռ» եւ «Գրանատ» ժամանակակից սարքաւորումներու օգտագործմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.