ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպում ունեցած է Համաշխարհային դրամատան գործադիր կառավարիչ, գլխաւոր ելեւմտագէտ Պերթրան Պատրէի եւ դրամատան փոխնախագահ Լոռա Թաքի հետ:
Վարչապետը բարձր գնահատած է Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցութիւնը եւ նշած, որ 20 տարուան գործակցութեան ընթացքին դրամատունը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի բարեփոխումներու իրականացման գործընթացին մէջ՝ շուկայական տնտեսութեան անցնելու համար անհրաժեշտ հաստատութիւններու կառուցումէն, կենսական ենթակառուցուածքներու արդիականացումէն մինչեւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման առնչուող տնտեսական քաղաքականութեան մշակում եւ իրականացում:
«Հաւատարիմ մնալով բարեփոխումների որդեգրած օրակարգին՝ մենք շարունակելու ենք երկրի մրցունակութեան բարձրացմանը եւ տնտեսութեան զարգացմանն ուղղուած ջանքերը», նշած է վարչապետ Աբրահամեան եւ վստահեցուցած , որ Համաշխարհային դրամատան հետ հետագայ համագործակցութիւնը պէտք է ամրապնդուի: «Մեր ծրագրերը կը շարունակեն պահպանել տարածաշրջանի ամենաբարձր կատարողական մակարդակը՝ հետեւողականօրէն զարգացնելով տնտեսութիւնը եւ նուազեցնելով աղքատութիւնը», դիտել տուած է ան։
Պերթրան Պատրէ՝ կարեւոր նկատելով գործակցութեան շարունակականութիւնը, նշած է. «Հայաստան Համաշխարհային դրամատան յուսալի գործընկերն է, եւ մենք ուրախ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ»:
Լոռա Թաք՝ գերազանց գնահատելով Հայաստանի բարեփոխումներու ընթացքը, ըսած է. «Համաշխարհային դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակութիւնը Հայաստանին եւ պիտի օգնէ յառաջ մղելու բարեփոխումները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.