ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Կը կարծէինք, թէ «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած մեր կարճ գրութեամբ սպառած կ՛ըլլանք մահացու վարակի մասին մեր ոչ-գիտական ընդհանրացումներն ու մասնաւորաբար հայութիւնը հետաքրքրող օգտակար տեղեկութիւններու նշումը, երբ նորայայտ վարակը սանձած ըլլալու խաբկանքին առընթեր, յանկարծ միջազգային լրատուամիջոցները արձագանգ կը հանդիսանային կարգ մը հետաքրքրական զարգացումներու, որոնցմէ առաջինը կ՛առնչուէր այն իրականութեան հետ, թէ Իպոլա կոչուող ներկայ վարակը ջղջիկներու կողմէ փոխանցուած էր տեղացի բնիկներուն։
Արդարեւ, այդ երկրամասը կեցութիւն հաստատած օտարահպատակները պէտք է որ անդրադարձած ըլլան այն իրողութեան, թէ ոչ միայն ջղջիկն ու կապիկը, կոկորդիլոսն ու դաշտային առնէտը, այլ ափրիկեցի բնիկը ատակ էր ուտելու այն ամէնը, ինչ կը շարժէր… Ասոնց վրայ աւելցնել ծայրայեղ չքաւորութեան պարտադրած ապառողջ ապրելակերպը նախնական ցեղերուն… Այստեղ տեղին չենք գտներ թուել մանրամասնութիւնները՝ խնայելու համար ընթերցողին զգայնութիւնները:
Հրապարակի վրայ շրջող երկրորդ զգայացունց լուրը այն էր, որ ախտավարակ Թոմաս Էրիք Տանքըն, լիպերիացի տղամարդը, Մոնրովիոյ «Ռոպերթսըն» օդակայանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչք առնելով՝ Թեքսասի Տալաս քաղաքի օդակայանը կ՛իջնէ: Լիպերիոյ քաղաքացի պարոն Տանքըն, Պրիւքսէլի վրայով ազատօրէն թռիչք կատարելու համար դէպի ԱՄՆ, Մոնրովիոյ օդակայանը ամբողջացուցած հարցաթերթիկի իր պատասխաններուն մէջ, գիտակցաբար կամ ոչ, կեղծած էր տրուած հարցումներուն պատասխանները, որոնք կ՛առնչուէին ախտավարակ մարդոց հետ վերջին երեք շաբաթներուն ունեցած իր անմիջական շփումներուն:
Ի վերջոյ, ի յայտ եկաւ, որ ան այդ շփումները կատարած էր զուտ մարդասիրական գետնի վրայ՝ վտանգելով երիտասարդ իր կեանքը եւ հարցականի տակ դնելով իր ապագան։
Մոնրովիոյ մէջ, պարոն Տանքընը, Ուիլիամսներու պատկանող տան վարձակալ էր: Ափրիկէի մէջ տիրող իրար օգնելու մթնոլորտը բոլորիս ծանօթ է իր խորքով ու վեհանձնութեան ծայրայեղ ոգիով: Երբ տանտիրոջ 19 տարեկան եօթը ամսու յղի դուստրը, Իպոլայէն վարակուելով ուժաթափ գետին կ՛իյնայ, Թովմաս Տանքըն, տան միւս տղամարդոց հետ խուճապի մատնուելով՝ օգնութեան կը փութայ ու թաքսի մը կանչելով՝ կը փորձէ հիւանդանոց հասցնել խեղճ աղջիկը: Թաքսիին մէջ աղջկան հայրը՝ պարոն Ուիլիըմզը, եւ անոր որդին, իրենց ուժաթափ, հիւանդ հարազատին մօտը կը նստին յետնամասը, իսկ դրացի բարեսիրտ Թովմասը՝ յառաջամասը, շարժավարին մօտ կը տեղաւորուի: Հիւանդանոցը, ի դժբախտութիւն ենթականերուն, մէկ հատ իսկ դատարկ անկողին չեն գտներ ու ստիպուած՝ հիւանդը տուն կը վերադարձնեն: Դարձեալ ի ցաւ ծնողացն ու ազնուասիրտ հարեւանին, յաջորդ օրն իսկ տարաբախտ յղի աղջիկը կը մահանայ՝ եօթը ամսու մանկիկը արգանդին մէջ հետը անդի աշխարհ տանելով:
Այսքա՛նը՝ մոնրովիացի մեր բարեկամին առնչուածութեան մասին իպոլայով վարակուած հիւանդի մը հետ:
Ամերիկա հասնելով՝ հերոս ափրիկեցին ալ իր կարգին արդէն իսկ վարակուած էր մահացու համաճարակով: Բնականաբար, բժիշկներն ու առողջապահութեան պատկան մարմինները խուճապի մատնուելով՝ սկսան պրպտելու անոր անձնական կեանքն ու անմիջական շրջապատը, յայտնաբերելու համար վերջին շաբաթներուն ընթացքին կատարած անոր տեղաշարժերն ու այդ ժամանակաշրջանին իրեն շփուած անձերը: Նոյնիսկ պատկան այդ մարմինները, չտեսնուած արագութեամբ, կը սպառնան ափրիկեան ծագումով օրինազանց հիւանդը արդարադատութեան կանչել: Սակայն Թովմաս Տանքընի պարագային ալ, Ուրբաթը Շաբաթէն առաջ կու գայ…
Բարեսիրտ մեր հերոսը, որ գիտակցաբար կամ ոչ, ստած էր Մոնրովիոյ օդակայանի պաշտօնէութեան, արդէն մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի: Գուցէ մինչեւ ներկայ փորձագրութեան հրապարակումը, ան չուած կ՛ըլլայ անդի աշխարհ, ուր արդարներու արդարը, Ի՛նք պիտի դատէ ու վարձատրէ իրենց ժամանակակիցներուն կողմէ չհասկցուածներն ու հալածեալները…
Թովմաս Տանքընի ոդիսականը տակաւին չաւարտեցաւ: Անոր տհաս արարքով տուժածներու ոչ-արհամարհելի թիւով ենթադրեալ զոհերը հրապարակ հանելու փորձ կը կատարուի: Անշուշտ, ան իր շուրջը, դարձեալ կը կրկնենք՝ գուցէ անգիտակցաբար, բաւական մեծ աւեր գործեց: Փաստուած է որ, տղամարդիկ, յաճախ հակումը ցոյց կու տան արհամարհելու իրենց պատահած դժբախտութիւնները, երբ կէս գիշերին ուղեղային կաթուած ունենալէ ետք, առաւօտուն գրեթէ անզգայ դարձած թեւը շալկելով՝ բարեդէպ մտածողութեամբ մը այդ մէկը «ամբողջ գիշերը թեւիս վրայ պառկեր եմ»ի կը վերագրեն, ու առաւօտ կանուխ կ՛ելլեն, ինքնաշարժ նստելով գործի կ՛երթան, մինչեւ որ կէսօրէն ետք բժիշկը իմանալով եղելութիւնը՝ ահազանգ հնչեցնէ…
Նախորդ գրութեամբ իմ յիշատակած սպիտակամորթ ամերիկացի միսիոնարները, բարեբախտաբար, արդէն բուժուած կը համարուին իրենց վարակէն: Իսկ դեղարտադրական համընկերութիւնները, հեւ ի հեւ առաջ կը տանին հակա-իպոլա շիճուկի արտադրութիւնը, իսկ ամերիկեան բանակը քիմիական պատերազմ յայտարարած ըլլալով նոյն վարակին դէմ՝ այդ դաշտին վրայ մասնագիտացած 3000 հոգի հաշուող յատուկ գունդ մը ափրիկեան ախտավարակ երկիրները պիտի տեղադրէ, պայքարելու համար իպոլա վարակին դէմ եւ օգնելու այդ հիւանդութենէ տառապող հազարաւոր անհատներուն, որոնց թիւը 7000-8000 կը գնահատուի, իսկ Սիէրա Լէոնէի մէջ, մէկ օրուան ընթացքին 217 հոգի մահացած է այդ վարակէն: Ամերիկացիներուն կատարածը, խորքին մէջ, աչքակապերով համատարած հրդեհ մը մարելու կը նմանի… Այլ խօսքով՝ ձեռքով-ոտքով կրակի մէջ նետուելու։ Բայց եւ այնպէս, գնահատելի է Օպամայի իշխանութեան ցուցաբերած մարդկային մօտեցումը՝ Սեւ ցամաքամասը յուզող ահարկու աղէտին։
Երբ մահացու վարակը զարնէ, հրէի, հեթանոսի, սեւի ու սպիտակի տարբերութիւն չի ճանչնար: Սակայն, այստեղ տեղին պիտի ըլլար յիշել, թէ ափրիկեցի բնիկը, ցեղային իր ներքին ձայներուն հնազանդելով՝ աւելի շուտ անտառի կանչին կը հնազանդի, քան՝ արդի բժշկութեան: Անոր համար նուիրականը իր տոհմիկ բժշկութիւնն է, անտառի խորքը գործող «Ճուճու»ն կամ «մետիսին մեն»ը, կամ ալ պարզ հայերէնով՝ ամենազօր կախարդը… Պիտի չզարմանայինք երբե՛ք, եթէ հազարաւոր գաւառացի վարակուածներ, մայրաքաղաք Ֆրիթաունը կամ Մոնրովիան ու հոն կիրարկուող արդիական բուժումը թողլքելով՝ շունչերը անտառին խորը առնեն, ամենազօր «Ճուճու»ին վստահելով իրենց կեանքը:
Միւս կողմէ, շշուկներ կը շրջին նաեւ Տանքընի ունեցած սեռային յարաբերութեան մասին՝ մահացած 19 տարեկան, եօթը ամսու սեւ դիցուհիին հետ: Մենք մեր տասնամեակներու փորձով լաւատեղեակ ենք այն իրողուեթեան մասին, թէ ափրիկեցի տղամարդը սեռային ամէն կապ կը դադրեցնէ յղի կնոջ հետ կամ նորածինի մօր հետ՝ վախնալով, որ սերմնահոսութիւնը թունաւորէ մօրը կաթը եւ հետեւաբար՝ նորածինը: Այդ պարագային, կին մը, ծննդաբերութենէն ետք գոնէ տարի մը, «Գոմրա» գոյավիճակին մէջ կը գտնուի, եւ ուղղակի ոճիրի համազօր է սեռային յարաբերութեան համար անոր մօտենալը: Կը կարծենք, թէ կաթի թունաւորման անհեթեթութեան հաւատալու վարկածէն առաջնորդուելէն աւելի՝ չծրագրուած երկրորդ յղութեան մը առաջքը առնելու մտահոգութենէն ելլելով է որ կը կատարուի ժուժկալութեան այդ փորձը:
Գալով Տանքընի արարքին՝ մենք բարոյական ի՞նչ իրաւունքով պիտի դատենք մեր շրջապատը՝ ամէն բարեգործութեան մէջ յետին նպատակ փնտռելով։