ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հոկտեմբեր 7էն սկսեալ պատկերասփիւռի հանրային կայանի արբանեակային ալիքէն մեկնարկած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀԲԸՄի հայոց լեզուի հեռուստադպրոցի «հեռավար քոլեճ» ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը։ Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀԲԸՄի աջակցութեամբ: 25-30 վայրկեան տեւող ծրագիրը պիտի սփռուի Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը՝ ժամը 22։00ին, կրկնութիւնը՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, ժամը՝ 12:30ին: Դեկտեմբերին «հեռավար քոլեճ» ծրագիրը պիտի հեռարձակուի շաբաթը երեք անգամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.