– Հոկտեմբեր 22ին, ամերիկեան դաշնակցային ատեան մը յանցաւոր նկատեց Իրաքի մէջ ամերիկեան բանակին ապահովական սպասարկութիւններ մատուցած «Պլեքուոթըր» ընկերութեան 4 պաշտօնեաներ, որոնք 7 տարի առաջ Պաղտատի մէջ սպաննած էին 14 քաղաքայիններ եւ վիրաւորած 17 ուրիշներ։ Անոնք կրնան մինչեւ իսկ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ առանց արդարացուցիչ հիմնաւորումի կատարուած ոճիրներուն համար։
– Հոկտեմբեր 22ին, Քանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ զինեալ մը յարձակեցաւ խորհրդարանի շէնքին վրայ՝ սպաննելով զինուոր մը եւ վիրաւորելով քանի մը ուրիշներ, որմէ ետք զինեալը եւս սպաննուեցաւ: Նշենք, որ Երկուշաբթի օր, Քեպեքի մէջ քանատացի զինուոր մը սպաննուած էր, երբ իսլամացած անձ մը դիտաւորեալ կերպով ինքնաշարժը քշած էր զինուորներու վրայ: Զոհին կողքին արձանագրուած էր վիրաւոր մը:
– Գործի ժամերուն ընթացքին արձանագրուած ամերիկացի կին աշխատաւորներու մահերուն գլխաւոր պատճառը մարդասպանութիւնն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.