
Երեւանի մէջ, յատուկ հաւաքի մը ընթացքին, Արցախի ազատագրութեան մարտիկներու հիմնարկը պարգեւատրեց ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՕՄի վաստակաշատ անդամ Անժէլ Մանուկեանը, որ համահայկական խորհրդաժողովին մասնակցելու համար մեկնած էր Հայաստան եւ ապա, ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՕՄի ներկայացուցիչ Սեւան Քոլէճեանի հետ քանի մը օրով այցելած էր Արցախ:
Յուշամետալը յանձնուեցաւ ազատամարտիկ Հարմիկ Յովսէփեանի կողմէ, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Կը շնորհաւորենք ընկերուհի: Ինչ որ կատարած ես, երբեք չենք մոռցած մենք՝ արցախցիներս»:
Սոյն հաւաքին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը:
«Պարգեւատրուած կը զգամ ո՛չ թէ անձիս, այլ կազմակերպութեանս՝ Հայ Օգնութեան Միութեան համար», ըսաւ Անժէլ Մանուկեան, որ 1968էն ի վեր հետեւողական ձեւով կը կատարէ իր միութենական աշխատանքը:
Արցախի օժանդակութենէն ա-ռաջ, Սպիտակի երկրաշարժին եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի Արեւելեան շրջանէն ներս բոլոր ձեռնարկներուն, Ա. Մանուկեան անաչառօրէն աշխատած է եւ դեռ կը շարունակէ գործել: