ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 20ին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Աւելի կանուխ՝ Հոկտեմբեր 15ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրամանով, պատուոյ հիւպատոս նշանակուած էր Պերճ Աբգարեանը:
Հանդիսաւոր երեկոյին մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերկէյ Սարգիսով, Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:
Ֆրեզնոյի մօտ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման արարողութեան հետեւած ճաշկերոյթին ներկայ եղած են եւ ելոյթներով հանդէս եկած Ֆրեզնօ գաւառի կառավարիչներու խորհուրդի անդամները՝ նախագահ Անտրէաս Պորճեսի գլխաւորութեամբ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Թամ Պերիհիլ, քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա, Քալիֆորնիոյ 5րդ շրջանի վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Չաք Փուչիկեան, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, Ֆրեզնոյի այլ պաշտօնատարներ եւ համայնքային կառոյցներու շուրջ 400 ներկայացուցիչներ:
Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, ի դէմս նախարար Է. Նալբանդեանի՝ իրեն վստահուած պատասխանատուութեան համար: Ան նշած է, որ իր նպատակն ու գլխաւոր խնդիրն է սերտացնել յարաբերութիւնները Ֆրեզնոյի եւ Հայաստանի միջեւ եւ նպաստել մշակութային եւ գործարար կապերու աշխուժացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.