
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քոպանիի պաշտպանութեան մարտերուն, Ռեհանա կեղծանունով յայտնի քրտուհին, որուն աշխարհը ծանօթացաւ յաղթանակի նշանը պարզած իր նկարով, լրատուական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ գերի ինկած է «Իսլամական Պետութիւն» անունը կրող հրոսակախումբին ձեռքը, որ անմիջապէս գլխատած է զայն:
Քիւրտ ազատամարտիկներու շարքերը բարոյալքելու յատուկ միտումով տարածուած այս լուրին հաւաստիութիւնը՝ մինչեւ թերթը տպագրութեան յանձնելը, կարելի չէր եղած հաստատել: Այսուհանդերձ, կենդանի թէ նահատակուած՝ Ռեհանա կը մնայ ներշնչման աղբիւր եւ իր անունը կը խնկարկուի թէ՛ իր զինակիցներուն, թէ՛ քիւրտ ժողովուրդին եւ թէ յանուն սեփական ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին նահատակութիւնը ու հերոսական նուիրումը գերագոյն արժէք համարող իւրաքանչիւր անձի կողմէ:
Անցեալ շաբաթ մենք ալ վերադարձանք մեր ներշնչման աղբիւրներուն՝ թարմացնելով յուշերը հերոս նահատակ Շահէն Մեղրեանի սխրագործութիւններուն, Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներէն սկսեալ մինչեւ Արցախեան ազատամարտի միւս ճակատները, մինչեւ գրաւուած Շահումեանը վերազատագրելու վճռականութեամբ թշնամիի դիրքերուն ետեւը անցած իր հրամանատարութեամբ գործող «Եղնիկներ»ուն հերոսապատումը, որուն ընթացքին գրուեցաւ նաեւ իր նահատակութեան դրուագը:
Հերոսները չեն մեռնիր, հերոսներու յիշատակը յաւերժ կը մնայ:
Քոպանին պաշտպանող քիւրտ մարտիկները բազում ռեհանաներով նուիրականացուցին այդ քաղաքը ազատ պահելու իրենց իրաւունքը: Աւելի՛ն, քրտական զինեալ պայքարը՝ անկախ ու ազատ Քիւրտիստան ստեղծելու քիւրտ ժողովուրդի երազը իրականացնելու ուղղութեամբ, ոստումներով յառաջ կ՛ընթանայ եւ տարածաշրջանային խառնիճաղանճին մէջ իր ուղին անխախտ կը պահէ:
Շահէն Մեղրեաններու յիշատակը կենդանի պահողները կ՛երաշխաւորեն տակաւին գրաւեալ մնացած Շահումեանի, Գետաշէնի ազատագրման պայքարի շարունակականութիւնը: