ԵՐԵՒԱՆ.– Հայկական գինեգործութեան եւ քոնեաքագործութեան ոլորտները ներկայացնող 6 ընկերութիւններ՝ «Երեւանի կոնեակի գործարան»ը, ««Շահնազա-րեան» գինու-կոնեակի տուն»ը, «Էդուագ Գրուպ»ը, «Գոլդեն Գրեյփ Արմաս»ը, «Մարան»ը եւ «Արմենիա Վայն»ը կը մասնակցին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ սկսած «Էնօ-էքսփօ-2014» ոգելից ըմպելիներու 12րդ միջազգային ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ նախատեսուած է խմիչքի համտեսում, շնորհահանդէսներ, հիւրասիրութիւններ եւ գործնական հանդիպումներ՝ հետաքրքրուած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Լեհաստանի գինիին նուիրուած միակ մասնագիտական ցուցահանդէսը տարուէ տարի կը բարձրացնէ իր միջազգային վարկանիշը:
Նախորդ տարի ցուցահանդէսին մասնակցած էին 142 գինի արտադրողներ, մատակարարներ եւ ներածողներ՝ Աւստրիայէն, Հայաստանէն, Խրուաթիայէն, Չեխիայէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Յունաստանէն, Հունգարիայէն, Իտալիայէն, Փորթուգալէն, Ռումանիայէն, Սլովենիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Սպանիայէն եւ Ուքրանիայէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.