ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Յանդուգն քայլ մը եւս Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ նախաձեռնուած՝ Միութեան Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը պիտի ներկայացնէ հայրենի թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի գլուխ գործոցներէն «Դատարանն է, Ոտքի…» (Ոտքի դատարանն է գալիս) թատերախաղը, որ պատմութիւնն է Թալէաթը զգետնող հայ վրիժառուին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատական գործընթացին, Պերլինի մէջ: Մարտ 14, 1921ին ան իր ազգին ու ընտանիքին վրէժն էր, որ կը լուծէր Թալէաթը ճակատէն սպաննելով:
Այս նպատակին իրագործման համար, թատերախումբի վարչութիւնը, յատկապէս Փարիզէն հրաւիրած է տաղանդաշատ բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեանը զայն բեմադրելու համար: Բեմ պիտի բարձրանան ամէն տարիքէ եւ սեռէ 25 դերասաններ: Թատերախումբին մնայուն անդամներուն կողքին, պիտի մասնակցին նաեւ քանի մը նոր դերասաններ, որոնց մէջ է նաեւ 92ամեայ մեծ հայրիկ մը, որ կու գայ այս ներկայացումին բերել իր ալ մասնակցութիւնը, որպէս աւագ սերունդի ներկայացուցիչ՝ հարիւրամեակի յիշատակութեան համազգային մեր ցոյցին:
Արդէն իսկ երկու ամիսէ ի վեր սկսած են փորձերը «Թէքէեան»ի սրահին մէջ: Դերաբաշխումն ու բեմադրութիւնը կատարուած են, եւ թեքնիք աշխատանքներուն լծուած են 20ի մօտ երիտասարդներ, որոնք լոյսի, զգեստաւորման, ձայնի, երաժշտութեան, բեմայարդարման համար կը բերեն աննախընթաց նորութիւններ:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 12, 2015ին, Կիրակի օր կէսօրէն ետք, Մենհեթընի «Սիմֆընի Սփէյս» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Ամերիկայի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Կեդրոնական յանձնաժողովին:
Այս առթիւ, կը ծրագրուի Երեւանէն հրաւիրել հեղինակը՝ Պերճ Զէյթունցեանը: Ինչպէս նաեւ կան այլ հետաքրքրական ծրագիրներ կապուած այս ներկայացման հետ:
Հասնելու համար անգլիախօս ամերիկահայ մեր սերունդին, ինչպէս նաեւ օտար հանդիսատեսներուն, կը մշակուի անգլերէն լեզուով մասնաւոր պաստառի վրայ լուսարձակել խօսակցութիւնը դերասաններուն:
Թատերախումբի վարչութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դնելով, բոլորանուէր աշխատանքով կը հետեւի տարուած աշխատանքներուն: Նիւթական մեծ յանձնառութիւն մըն է, որուն նախաձեռնած է «Թէքէեան»ի Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը, հաւատալով, որ թատերախումբը հանրութեան պիտի հրամցնէ որակաւոր մշակութային ներկայացում մը:
Ամէն կասկածէ վեր է, որ սոյն ներկայացման յաջողութեան համար մեր ժողովուրդը սատար պիտի հանդիսանայ բարոյապէս ու նիւթապէս թատերախումբին կատարած գործունէութեան, հետեւաբար, Միութեան վարկին եւ այս մեծ ոստանին վայել մակարդակով անիկա պիտի ներկայանայ թատերասէր հասարակութեան:
Յառաջիկայ ամիսներուն, դարձեալ անդրադարձ մը պիտի կատարուի այս թատերախաղին հետ կապուած այլ զարգացումներուն մասին: