
4 Նոյեմբերին մայրաքաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ Կիւլպէնկեան-Խաչատրեան փողոցներու քառուղիին վրայ յարակից տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ հայ մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրին:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Հրայր Անտոնեան, «Գեղագիտութեան ազգային կենտրոն»ի գլխաւոր տնօրէն, ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեանը, յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Գարեգին Դաւթեան, սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան, նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Կամօ Սարգսեան, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, համայնքի ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2012 թուականին Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիի 4րդ հատուածին մէջ հիմնադրուած է «Հայ բարերարների ճեմուղի», ուր տեղադրուած են Պօղոս Նուպարի, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, Ալեք Մանուկեանի, Միքայէլ Արամեանցի, Յովհաննէս Լազարեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, ինչպէս նաեւ բարերարութեան հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողները: