«Հայերը 2115ին» նիւթով՝ իր տեսակին մէջ ուշագրաւ խորհրդաժողով մը կայացաւ անցեալ Հոկտեմբերի կէսերուն, Լիզպոնի մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ։
Թէեւ շրջանառութեան մէջ դրուած պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հայ հանրութիւնը տեղեակ պահեց խնդրոյ առարկայ «Ռազմավարական Խորհրդաժողով»ի առաջադրութեանց եւ մասնակիցներուն մասին, այսուհանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս կարեւորութիւն չընծայեց նախընթաց ստեղծող այս նախաձեռնութեան։
Ցուցաբերուած վերապահութեան կամ խանդավառութեան պակասին պատճառ կրնայ ըլլալ, թերեւս, խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն յաւակնոտ այն գովազդը, թէ քառասուն հոգինոց «բարձր մակարդակ»ի հանդիպում մը եղաւ հաւաքոյթը՝ զայն տեսակ մը «Հայկական Տաւոս» համարելով…
Թերեւս Հայաստանի պետական թէ կուսակցական շրջանակներուն, ինչպէս եւ հայ կեանքի ազգային-հոգեւորական իշխանութիւններուն հաճելի չեղաւ լսել խորհրդաժողովի բանբերին այն յայտարարութիւնը, թէ իր այս նախաձեռնութեամբ՝ «Կիլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը պարզ նուիրատուի մը սահմանափակումէն դուրս կու գայ եւ կ՛ուզէ «դերակատարի ու համադրող»ի դեր ստանձնել հայաշխահի տարածքին…
Թերես կարելի է այսօրինակ ենթադրութեանց շարքը երկարել։ Բայց ինչ որ ալ ըլլան խորհրդաժողովը եւ նոյնինքն ռազմավարական այս նախաձեռնութիւնը լուսարձակի տակ չառնելու մօտեցումին տուն տուած պատճառները, բացայայտ է մէկ բան. որեւէ պարագայի կարելի չէ հարցականի տակ առնել ռազմավարական ծրագրումին հիմնական կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին ալ պատմութիւն կերտած են յատկապէս այն ցեղերն ու ազգերը, որոնք սեփական կարողութիւններուն եւ տկարութեանց ռազմավարական գնահատումը ունեցած են եւ, համապատասխան ուղեգիծ մշակելով, արեւուն տակ իրենց արժանի տեղը նուաճած են…
Իսկ 21րդ դարուն, երբ տեղեկութիւնը եւ գիտելիքը կը հանդիսանան Նոր Աշխարհակարգի ամէնէն ուժեղ զէնքը, պետութիւններու, ժողովուրդներու եւ ազգերու մեծ մրցապայքարին մէջ յաջողութեան հեռանկար ունին բացառապէս անոնք, որոնք բնութեան եւ մարդու աշխատանքին ստեղծած բարիքներէն առաւելագոյնս օգտուելու ռազմավարութեամբ կը նետեն իրենց քայլերը, կամ՝ ռազմավարական անհրաժեշտ ծրագրումով կը փորձեն առաւելագոյն արդիւնաւորման մղել իրենց ներուժը։
Պատահական չէ, որ 20րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ռազմավարական ծրագրումի կեդրոնները սունկի պէս կը բուսնին մեծապետական ուժերու հասարակական կեանքին մէջ՝ պետական, հանրային եւ մասնաւոր դրամագլուխներու յատկացումներուն առիւծի բաժինը խլելով։
Ռազմավարական ծրագրումի հրամայականը կը շեշտեն ոչ միայն մերօրեայ քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները, այլեւ՝ ժողովրդագրական, բնագիտական, առողջապահական, արհեստագիտական եւ հաղորդակցական բոլոր բնագաւառներու զարգացման հեռանկարները։
Նոյն առումով՝ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, հայ քաղաքական միտքը եւս առաւել սրութեամբ կը դիմագրաւէ սեփական ազգային ռազմավարութիւնը մշակելու մարտահրաւէրը։
23ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին կը սպասէ իր ազգային ռազմավարութեան ուղեցոյցին, որուն բացակայութեան համար այնքան ծանր գին վճարեցինք ազգովին վերջին հինգ տարիներուն, երբ Հայաստանի նախագահական իշխանութեան ձեռամբ հայ ժողովուրդին «հրամցուեցաւ» այսպէս կոչուած Հայեւթուրք արձանագրութեանց դառն բաժակը…
Միայն պետական մտածողութեան առումով չէ, որ հայ քաղաքական միտքը կը տառապի ռազմավարական ծրագրումի բացակայութենէն։
Ռազմավարական վերանայման եւ կողմնորոշման հրամայականը շեշտուած է՝ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը ներքնապէս կազմակերպելու, քաղաքացիական ազդու ուժի վերածելու, սեփական ներուժը անկաշկանդ եւ հայանուէր զարգացնելու, այլ մանաւանդ աշխարհասփիւռ հայութեան անհատական ճառագայթումին եւ հաւաքական ինքնահաստատման միջեւ փոխազդեցութեան օրինաչափութիւնը հունաւորելու բոլոր առումներով։
Թէ՛ պետական, թէ՛ ազգային մտածողութեանց մակարդակին վրայ, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, կը դիմաւորենք ժամանակին համահունչ մեր բոլոր կառոյցները, հանգանակները, մտայնութիւնները եւ արժեչափերը վերանորոգելու մեծագոյն մարտահրաւէրը։
Ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք «Հայերը 2115ին»։
Ե՛ւ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ Հայաստանէն դուրս։
Թէ՛ անհատապէս, թ՛ իբրեւ հայ համայնքներ։
Մեր ժամանակներուն եւ այսօրուան աշխարհին օրէնքն է, որ պետական պիւտճէները, մեծ ընկերութեանց պիւտճէները, անհատ դրամատէրներու պիւտճէները եւ նուիրատու հիմնադրամները, բոլորը անխտի՛ր, իրենց աւագ առաքելութիւնը կը սեպեն զարկ տալ սեփական ազգի կամ ժողովուրդի «լաւագոյն ուղեղներ»ուն ռազմավարական զօրաշարժին՝ ի խնդիր լաւագոյն ապագայի մը կերտումին։
Հայաստանն ու հայութիւնը որեւէ պատճառ չունին բացառութիւն կազմելու։
Ընդհակառակն՝ յատկապէս հայրենահան, աշխարհացրիւ եւ իրաւունքի ու արդարութեան պայքար մղող հայութիւնը ամէն պատճառ ունի, որպէսզի ռազմավարական ծրագրումի եւ կողմնորոշումի իր ներուժին ընձեռէ ինքնադրսեւորման առաւելագոյն հնարաւորութիւնները։
Ճիշդ է, վերանկախացեալ Հայաստանը պետականօրէն, կամ՝ առնուազն իշխանաւոր վերնախաւի հովանաւորչութեան իմաստով, որոշակի քայլեր նետած է ռազմավարական միտքի եւ ծրագրումի պաշտօնական, կիսապաշտօնական եւ մասնաւոր կեդրոններ կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։
Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ խորհրդային կենսափորձի փլատակներուն վրայ վերակառուցուող ազատ-շուկայական հասարակութեան իր բնոյթով՝ Հայաստան փաստօրէն զերոյէն կը ստեղծէ ռազմավարական ծրագրումի իր ազգային կեդրոնները, որոնք ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած են, եթէ զուտ պետական պիւտճէէն կախեալ մնան եւ չկարենան հանրային ու մասնաւոր դրամագլուխի հովանաւորութիւնը շահիլ։
Միայն հովանաւորներու բազմազանութեամբ հնարաւոր է ազատ գործելու հաւասարակշռութիւնը ապահովել Հայաստանի մէջ։
Առանձնայատուկ է սփիւռքահայութեան պարագան, որ արդէն 1970ականներուն սկսաւ իր առաջին քայլերը նետել համասփիւռքեան կառոյցներ կեանքի կոչելու վերանորոգման ուղղութեամբ։
Գաղտնիք չէ, որ բացառապէս կուսակցական նախաձեռնութիւններով Հայկական Սփիւռքը նետուեցաւ, ժամանակին համահունչ, ռազմավարական ծրագրում կատարելու եւ իր կազմակերպ կառոյցները արդիականացնելու պայքարին մէջ։
Մենք ունինք արդէն ՀՄԸՄի ընդհանուր եւ ՀԲԸՄի կրթական համակարգի ռազմավարական նորովի ծրագրման նախաձեռնութիւնները։ ՀՕՄը նոյնպէս ձեռնարկած է ռազմավարական վերանորոգման աշխատանքին։ Ռազմավարական ծրագրումի նոյն ուղղութեամբ շարժման մէջ է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։
Այսուհանդերձ՝ Հայկական Սփիւռքին պակսողը ռազմավարական միտքի եւ ծրագրումի մնայուն կեդրոններն են, յատկապէս՝ հայ միտքի պատրաստի մարդուժը արհեստավարժ հիմունքով լարելու եւ աշխատանքի մղելու մնայուն հիմնադրամներն են։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ճիշդ ատենին իր առաջին քայլը կը նետէ հայ ռազմավարական միտքը շարժման մէջ դնելու ճակատին վրայ։
Անկասկած, «Հայկական Տաւոս» ստեղծելու փառասիրութիւնը աղուոր բան է, բայց պատահականօրէն իրարու քով բերուած քառասուն «ընտիր եւ այլազան» գործիչներով հնարաւոր է միայն նմանակումը «Տաւոս»ի…
Կարեւորը այն է, որ սերունդներու ուսումը ապահոված «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը այսօր կ՛անդրադառնայ, որ իր դրամագլուխով կրնայ ծառայել հայ ռազմավարական միտքի կեդրոններ ապրեցնելու առաքելութեան, առնուազն՝ օրինակ դառնալով այլոց…
Որպէսզի ազգովին յաղթահարենք «որո՞ւն պէտք է ռազմավարական ծրագրումը» քարոզող ինքնախաբէութիւնը…
Որպէսզի շարժման մէջ դրուի ազգային-պետական մտածողութիւն եւ ռազմավարութիւն մշակելու կենսական գործը հովանաւորելու ընդունակ մեր ներուժը՝ Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա եւ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.