ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտնեց, որ թրքական զինեալ ուժերը ո՛չ Իրաք, ոչ ալ Սուրիա մուտք պիտի գործեն այնքան ատեն, որ թուրք ժողովուրդի շահն ու օգուտը այդ մէկը չեն պահանջեր։
Խորհրդարանին մէջ 2015ի պետական ամավարկի քննարկման ընթացքին, ան նաեւ շեշտեց, որ «Իսլամական պետութիւն»ը ահաբեկչական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ որեւէ սահման չի ճանչնար եւ կրնայ որեւէ երկրի սահմանը կտրել, ինչպէս կատարեց Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ:
«Որովհետեւ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը մեզմէ կը վախնայ, չի կրնար հոս գալ», ըսաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.