ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կառավարութիւնը կը նախատեսէ մասամբ փոխհատուցանել շուրջ 31 սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներու կենցաղային ծախսերը: Ազգային ժողովը կը քննարկէ «Սահմանամերձ համայնքների սոցիալական աջակցութեան» մասին օրէնքի նախագիծը, որով նախատեսուած է Հայաստանի պետական պիւտճէէն մասամբ փոխհատուցանել սահմանամերձ համայնքներու բնակչութեան տոմարներուն մէջ հաշուըւած եւ սահմանամերձ համայնքին մէջ մնայուն բնակութիւն ունեցող անձերուն սպառած բնական կազի, ելեկտրականութեան եւ ոռոգման ջուրի վճարումները:
Հիմնական զեկուցողը՝ Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վաչէ Տէրտէրեան, ներկայացնելով նախագիծը, ընդգծած է, որ փոխհատուցուելիք քանակները եւ փոխհատուցման կարգը, որոնց մէջ նաեւ բնական կազի օգտագործման բաժանորդ չհանդիսացող անձերու պարագան, իւրաքանչիւր տարուան համար կը սահմանէ Հայաստանի կառավարութիւնը:
«Սահմանամերձ համայնքների մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագծի ընդունման անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է ադրբեջանական զինուած ուժերի ուղիղ նշանառութեան տակ գտնուող համայնքների բնակիչների սոցիալական բեռը որոշակի չափով նուազեցնելու մտահոգութեամբ: Նշուած համայնքների բնակիչները գտնւում են կեանքին եւ գոյքին սպառնացող մշտական վտանգի ներքոյ, ինչն էականօրէն սահմանափակում է սեփական բարեկեցութիւնն ապահովելու նրանց հնարաւորութիւնը», յայտնած է Տէրտէրեան:
Ան ընդգծած է, որ այս պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է օրէնքով արձանագրել մարտական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք չօգտագործուող եւ հակառակորդին կրակոցներու վտանգին ենթակայ շրջաններու բնակիչներուն կազի, հոսանքի, ոռոգման ջուրի ծախսերու մասնակի, ինչպէս նաեւ բնակիչներուն եւ իրաւաբանական անձերու հողի հարկի ու գոյքահարկի գծով փոխհատուցման պարագան, ինչ որ նախատեսուած է սոյն օրէնքի նախագիծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.