
ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ բողոքի ալիք մը սկսած է՝ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակելու պահանջով: Ըստ ատրպէյճանական «Ազատլըք» թերթին՝ Բրիտանիոյ մէջ գործող «Փլաթֆորմ Լոնտոն», «Ինտեքս ան Սենսըրշիփ» եւ այլ ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութիւններ սկսած են այդ ուղղութեամբ նոր ինքնատիպ բողոքի ցոյցեր կատարելու:
Այդ կազմակերպութիւններուն կողմէ տարածուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ կատարուած են աննախադէպ տարողութեամբ բռնաճնշումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալուած են կառավարութեան դէմ քննադատական դիրքորոշում ցուցաբերած մեծ թիւով իրաւապաշտպաններ, քաղաքացիական գործիչներ եւ լրագրողներ:
Ցոյցի կազմակերպիչներուն կարծիքով՝ Բրիտանիոյ մէջ գործող բազմաթիւ պետական եւ ոչ-պետական կառոյցներ այսօր եւս կը համագործակցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը պաշտպանելու համար: Այդ պատճառով, կազմակերպիչները որոշած են վառող մոմերով բողոքի ցոյցեր կատարել Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ Պաքուի հետ գործակցող առեւտրական կառոյցներու գրասենեակներուն առջեւ:
Միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Երկուշաբթի նաեւ բողոքի ցոյց կատարած են Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Անոնք պահանջած են ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպանները: Ցոյցի մասնակիցները բարձրացուցած են ձերբակալուած իրաւապաշտպաններ Լէյլա Եունուսի, Ռասուլ Զաֆարովի, Ինթիքամ Ալիեւի եւ այլոց դիմանկարները: