ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Այս օրերուն ամէն մարդ Դիմատետրի «գերի»ն դարձած է: Առանց մոլի ըլլալու՝ երբեմն ես ալ «կը պտտիմ» հոն, «կորսուած» բարեկամ մը գտնելու յոյսով, եւ այդ աշխարհին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ Աւօ Գույումճեանին: Խոստովանիմ, որ բոլորովին մոռցած էի զինք: Քանի մը տողով կը կապուիմ հետը: Անմիջապէս կը պատասխանէ, եւ այդպիսով տեղեկութիւններ կը քաղեմ մեծ արուեստագէտին կատարած նուաճումներէն, եւ այդ տեղեկութիւնները հայ մամուլի միջոցով կ՛ուզեմ սեփականութիւնը դարձնել հայութեան, որպէսզի մեծ թիւով հայեր ինծի նման հպարտ զգան, թէ մենք՝ հայերս, ունինք Աւօ Գույումճեանի նման տաղանդ մը:
Հազիւ 4 կամ 5 տարեկան էր, երբ լիբանանցիք առիթը ունեցան Պէյրութի պետական հեռատեսիլէն տեսնելու զինք՝ հայ հանճարեղ մանուկ մը, որ դաշնակի վրայ տեղւոյն վրայ կը յօրինէր եղանակներ: Տակաւին մանուկ մըն էր, ոտքերը չէին հասներ դաշնակի ոտնակին (pedale) եւ ստիպուած՝ ոտքի կը նուագէր: Հեռատեսիլի հաղորդավար-խօսնակը ֆրանսերէնով հարցումներ կ՛ուղղէր Աւոյին հօրը, որ կը թարգմանէր հայերէնի ու պատասխանը կրկին թարգմանաբար կը փոխանցէր հաղորդավարին:
«Կրնա՞ս ծովու մասին եղանակ մը յօրինել», կը հարցնէր խօսնակը: Տակաւին աչքիս առջեւն է, կարծես այսօր ըլլայ: Փոքրիկն Աւօ, քանի մը երկվայրկեան ետք, կ՛անցնի գործի: Հազարաւոր մարդոց ներկայութեան, անմիջապէս, տեղւոյն վրայ կը յօրինէ դասական եղանակ մը: Երաժշտութիւնը ունկնդրած ժամանակդ կը զգաս ալիքներուն ձայնը, ջուրերուն ժայռերուն զարնուիլը, փոթորիկը, ապա՝ ծովը հանդարտած է: Ալիքները, խորտակուած նաւու մը բեկորները կը նետեն ծովեզերք: Կարծես աչքիդ առջեւ ունիս Այվազովսկիէն իւղանկար մը, ուր ծովը կը ներկայանայ: Ներկաները երեւակայութեամբ կը փոխադրուին ծովուն բացերը, կը տեսնեն կայծակներն ու կը լսեն որոտումը. այս բոլորը՝ տեղւոյն վրայ Աւոյին յօրինած երաժշտութեան ընդմէջէն: Ժողովուրդին կը յայտարարուի, թէ կրնան հեռաձայնել եւ առաջարկել, որ փոքրիկ տաղանդաւորը որեւէ նիւթի վերաբերող եղանակ յօրինէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քենետիի սպանութեան տարին ըլլալու էր: Հեռաձայնողներէն մէկը Քենետիի մասին մահերգ մը կը խնդրէ: Նոյն վայրկեանին, տեղւոյն վրայ, Աւօ կը յօրինէ հիանալի մահերգ մը: Այնքան յուզիչ, որ ունկնդիրները կարծես մասնակից ըլլան յուղարկաւորութեան:
Աւօ Գույումճեան ծնած է արուեստագէտ ընտանիքի մը մէջ: Իր հայրը՝ տոքթ. Նուպար Գույումճեան, մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ, արուեստագէտ գեղանկարիչ եղած է. ստեղծագործած է բազմաթիւ իւղանկարներ, սակայն նախընտրած է մնալ որպէս սիրողական արուեստագէտ: Ցուցահանդէսներ չէ կազմակերպած: Իր հիանալի իւղանկարները զարդարած էին իր տան ու դարմանատան պատերը: Աւոյի մայրը՝ տիկին Սիրվարդ, եղած է լաւ դաշնակահար, սակայն ան եւս նուագահանդէսներ չէ տուած. մնացած է համեստ, սիրողական դաշնակահար մը: Աւօ՝ որքան ալ համեստ բնաւորութեան տէր անձ մը ըլլար, անկարելի էր, որ պատկանէր սիրողական դասակարգին: Այդ մէկը ներելի չէր իրեն նման հանճարի մը:
Նոր սկսած էր յաճախելու Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզը: Մխիթարեան միաբաններէն երաժշտագէտ հայր Գրիգոր վրդ. Հեպոյեանի աչքէն չի վրիպիր փոքրիկ հանճարը: Աւօ տակաւին դաշնակի դասընթացքներու չէր հետեւած. երաժշտութիւն կարդալ չէր սորված. կը նուագէր ականջով: Հայր Գրիգորի խօսքերով. «Դաշնակի առաջին տուած դասիս այս մանչուկը զարմացուց զիս: Հազիւ առաջին էջին կէսը հասած ենք, առանց իմ ցուցմունքներուս՝ արդէն հասած է 5րդ կամ 6րդ էջը ու կը նուագէ այնպիսի ճարտարութեամբ ու հմայքով, կարծես օրերով փորձ ըրած ու սորված ըլլար այդ էջերը: Ո՞վ սորվեցուց: Ո՛չ ոք: Չեմ կրնար հետեւիլ իր ուշիմութեան»:
Քանի մը ամիսէն արդէն տարիներու աշխատանքը աւարտած է: Ուսուցիչի կարիք չունի, արդէն տիրապետած է դաշնակին: Ամէնուրեք իր մասին կը խօսին ու կը գրեն. «Հայ ազգը ունեցաւ նոր Արամ Խաչատուրեան մը»: Լիբանանի մէջ երաժշտական ուսումը Պետական երաժշտանոցին մէջ սահմանափակ է: 12 տարիքը չբոլորած՝ Աւոյին երաժշտական գիտութիւնը շատոնց անցած է պետական համալսարանի աւարտական տարուան մակարդակը:
Աւոյին Լիբանան մնալը իմաստ չունէր այլեւս: Երաժշտական բարձր ուսման համար պայման էր, որ անցնի դասական երաժշտութեան մայրաքաղաքը՝ Վիեննա: Նոյն քաղաքին մէջ է նաեւ Մխիթարեան միաբաններու վանքը: 12 տարեկանին կը հաստատուի Վիեննա, ուր կրնայ շարունակել իր երաժշտական բարձրագոյն ուսումը՝ միեւնոյն ժամանակ չմոռնալով իր մայրենին:
Երաժշտանոցի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այդ տարիքի մանչուկ մը կ՛ընդունուի Վիեննայի ամենանշանաւոր երաժշտանոցը: Տարիքով փոքր մանչուկ մը, սակայն՝ երաժշտական գիտութեամբ այնքան հասուն:
Աւոյի Վիեննա հաստատուելէն ետք, երկար տարիներ իր մասին՝ ոչ մէկ լուր: Լիբանանի հայ թէ օտար թերթերը իր մասին չեն գրեր: (Գոնէ ես չեմ հանդիպած): Մարդիկ իր մասին չեն խօսիր: Լիբանանեան եւ հայկական շրջանակներու մէջ իր մասին չխօսուիլն ու չգրուիլը չի նշանակեր, որ Աւօ բարձր դիրքերու չէ հասած: Ան միջազգային համբաւի տիրացած է:
Տարիներ ետք Աւոյի մասին կը կարդամ գերմանական թերթի մը մէջ (թարգմանուած՝ անգլերէնի):
Իր կարգին, Աւօ Գույումճեան կանուխ տարիքէն նուիրուած է երաժշտութեան եւ 12 տարեկանին հանդիսացած է Վիեննայի Երաժշտութեան եւ ներկայացումներու համալսարանի պատմութեան մէջ ամենափոքր ուսանողը: 1981ին ան շահած է Պեթհովենի անուան վեցերորդ միջազգային մրցաշարքի առաջին մրցանակը եւ այդ թուականէն ի վեր հրճուանք պատճառած է Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Քանատայէն մինչեւ Ճափոն գտնուող երաժշտական դահլիճներու մէջ, անհատական կամ հռչակաւոր նուագախումբերու հետ ելոյթներով: Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Վիեննայի Երաժշտութեան հիմնարկին մէջ:
Վիեննայի պետական համալսարան-երաժշտանոցին մէջ Աւօ աշակերտած է լաւագոյն երաժշտական փրոֆեսէօրներու, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ Dieter Weber, Noel Flores, Alexander Jenner եւ George Ebert: Ապա, ընթացաւարտ տարիներէն ետք, ուսումը շարունակած է Djanko Iliev, Stanislaw Neuhaus եւ Alica Kezeradze-ի հետ: Նշեմ, թէ այս վերոյիշեալ անունները Վիեննայի եւ համայն աշխարհի մէջ դասական երաժշտութեան մէջ մեծահամբաւ անուններ են:
4 տարեկանին արդէն սկսած էր յօրինելու դասական կտորներ, սակայն այսօր, կը լսենք իր անունը աւելի իբրեւ հռչակաւոր դաշնակահար, քան յօրինող: Ի՞նչը պատճառ դարձաւ, որ ան դադրի ստեղծագործելէ: Արդեօք ունի՞ ստեղծագործութիւններ, դասական կտորներ եւ մենք տեղեակ չե՞նք: Այդ մասին կը գրեմ իրեն ու կը ստանամ հետեւեալ պատասխանը. «Գալով հարցումիդ, թէ տակաւին կը յօրինե՞մ, թէ ոչ, աներեւակայելիօրէն բազմազբաղ եմ եւ անկարելի է, որ մտածեմ այդ մասին»: Եւ համեստօրէն կ՛աւելցնէ. «Յամենայն դէպս ինձմէ շատ աւելի լաւ յօրինողներ կան ամէնուրեք. այդ մէկը կրնանք վստահիլ այդ տաղանդներուն»: Որքան ալ հասկնամ իր բազմազբաղ ըլլալը, հանդիպած ըլլալով իր տաղանդին տակաւին մանուկ հասակին, այդ տողերը կարդացած ատենս ես ինծի բարձրաձայն «Մե՛ղք» կը բացագանչեմ:
Աւօ Գույումճեան հետեւած է մենակատար դաշնակահարի դժուար ճիւղին: Ունի յօրինելու տաղանդը, սակայն չէ հետեւած այդ ճիւղի դասընթացքներուն: Իրեն համար յօրինելը շատ պարզ բան մըն է, սակայն յօրինելէն ետք տարբեր երաժշտական գործիքներու համար դաշնաւորելն է, որ ժամանակի կը կարօտի, իսկ Աւոյին ժամանակը շատ սուղ է: Իր մեծագոյն հաճոյքն է նուագել յայտնի երգահաններու գործերը, ինչպէս նաեւ դասաւանդելով՝ նոր սերունդներ հասցնել դասական երաժշտութեան մէջ:
Աւօ Գույումճեան նախաձեռնարկ եւ հիմնադիրն է համաշխարհային «Ժոզէֆ Հայտըն» սենեկային երաժշտական մրցումին, եւ 2002 թուականին եղաւ հիմնադիրներէն մէկը համանուն համալսարանի հիմնարկին: 2004էն ի վեր գեղարուեստական տնօրէնն է «Piano a St. Ursanne» երաժշտական փառատօնին, որ տեղի կ՛ունենայ Զուիցերիոյ մէջ: 2010ի Հոկտեմբերէն ի վեր նշանակուած է Վիեննայի երաժշտական համալսարանի նուագարաններու ուսումնարանի տնօրէն:
Որպէս մենակատար դաշնակահար՝ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է աշխարհի չորս ծագերուն: Յաճախ ելոյթներ կ՛ունենայ ամէնուրեք՝ զոյգ Ամերիկաներ, Քանատա, շատ յաճախ՝ Ճափոն, սակայն բնաւ չեմ կարդացած իր Հայաստան այցելութեան մասին: Երկար տատամսումէ ետք կը հարցնեմ, թէ ցարդ պաշտօնապէս հրաւիրուա՞ծ է Հայաստան՝ ելոյթներ ունենալու: Զարմանքով կը լսեմ, թէ հրաւէր չէ ստացած. այցելած է Հայաստան՝ ընդառաջելով իր բարեկամին՝ Արամ Ղարաբէկեանի հրաւէրին, սակայն ոչ պաշտօնական հրաւէր՝ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ. այդ մէկը զարմանք, միեւնոյն ժամանակ ընդվզում կը յառաջացնէ մէջս: Երբ ճափոնցին, քանատացին կամ ամերիկացին կը գիտակցին իր համբաւին ու պաշտօնապէս կը հրաւիրեն որպէս հանրածանօթ արուեստագէտի, ո՞ւր են մեր հայրենիքի գեղարուեստի, մշակոյթի պատասխանատուները: Ինչի՞ կը սպասեն: Ե՞րբ պիտի սորվինք հպարտանալ մեր տաղանդներով:
Տոքթ. Նուպար՝ Աւոյին հայրը եւ հայրս հայրենակիցներ եղած են, երզնկացիներ: Երբ այդ մասին կը հարցնեմ. «Այո՛, մենք երզնկացի ենք. ի դէպ՝ հայրս Երզնկա ծնած է, եւ ես երկար փնտռտուքներ կատարած եմ երզնկացիներու մասին, հօրս ծննդավայրի պատմութեան, կամ ազգականներ գտնելու յոյսով, սակայն՝ ապարդիւն: Հօրս ընտանիքը ամբողջութեամբ կոտորուած է Երզնկայի ջարդի ժամանակ, եւ տարիներ ետք, Հալէպի որբանոցներէն մէկուն մէջ, հայրս բախտով գտած է իր զարմիկը՝ Վահան Մջիկեանը»: Կը յայտնեմ, թէ ես ալ երզնկացիի զաւակ եմ, եւ այդ մէկը կապ մը կը ստեղծէ երկուքիս միջեւ: Համաշխարհային համբաւ ունեցող երաժշտագէտ մը՝ Վիեննա հաստատուած, եւ ուրիշ երզնկացի մը՝ Լոս Անճելըսի մէկ անկիւնը, երկուքն ալ նոյն զգացումը ունին իրենց հայրերուն ծննդավայրին մասին, որ հիմնովին կոտորուած է, եւ այսօր կը բնակուի թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ:
Մինչեւ ե՞րբ:
Աւոյին նման բազմազբաղ անձ մը երկար փնտռտուքներ կատարած է իր հօրը ծննդավայր Երզնկայի մասին. ընտանիք կազմած է հայուհիի մը հետ (իրեն նման արուեստագէտ), պահած է իր հայկական անունն ու մականունը: Այս բոլորը կը փաստեն իր հայրենասիրութիւնը, հայու արմատները պահելու վճռակամութիւնը: Ինչո՞ւ այս լռութիւնը՝ հանդէպ հայ մեծ հանճարին: Հարցում մը, որուն պատասխանը չունիմ: Որքա՜ն պիտի փափաքէի, որ Աւօ այցելէր նաեւ Հայաստան ու ելոյթներ ունենար մայր հողին վրայ: Հայերը հպարտանային իր տաղանդով, իսկ ինք հպարտանար մայր հողին վրայ ունեցած իր ելոյթներով: Վստահաբար, որքա՜ն հպարտ պիտի զգար, երբ օտար թերթերու մէջ կարդար իր մասին՝ «Աւօ Գույումճեանի ելոյթը իր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ» տողերը:
Աւօ Գույումճեան միջազգային համբաւի տիրացած տաղանդ մըն է, որ կը պահէ իր ազգութիւնը, կատարեալ կը խօսի ու կը կարդայ իր մայրենին:
Հպարտութեամբ կը յայտարարենք ծագումով հայ արուեստագէտներու անունները, որոնք օտարացուցած են իրենց անունները, նոյնիսկ ուրացած՝ իրենց հայ ծնունդը: Կը հպարտանանք, թէ այսինչ դերասանին մեծ մօրը մեծ մայրը կէս հայ եղած է, մինչդեռ Աւոյին ծնողքը եւ մեծ ծնողները 100 տոկոս հայեր են, ինք կազմած է հայ ընտանիք, ստացած է հայեցի կրթութիւն եւ կը պահէ իր իսկական անունը, որքան ալ օտարները հնչելու դժուարութիւն ունենան:
Եզրափակելով՝ Աւօ Գույումճեան միջազգային համբաւի տիրացած դաշնակահար մըն է, որ պահած է հայ արմատները, հպարտ է իր հայութեամբ, ասոնց վրայ աւելցնելով իր համեստութիւնը՝ կրնանք բարձրաձայն յայտարարել, թէ հայ ազգը պէտք է հպարտ զգայ իրմով:
Աւետիս Գույումճեան. անուն մը, որ արժանի է պարծանքի:
Լոս Անճելըս, 2014