ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 22-23ին, Անգարայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին գործակցութեամբ պիտի կայանայ երկօրեայ համագումար մը, որ պիտի նուիրուի «Կնքուած Դուռը» նիւթին։ Կնքուած դուռը Թուրքիա-Հայաստան սահմանն է, եւ համագումարին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ քննարկել այս սահմանին ապագան։
Համագումարի առաջին նիստը պիտի բացուի հրաւիրեալներէն Ժիրայր Լիպարիտեանի հանդիսավարութեամբ։ Պիտի յաջորդեն երեք նիստեր եւս։ Հինգ նիստեր եւս պիտի կայանան յաջորդ օրը. անոնց հանդիսավարներուն շարքին պիտի ըլլան Ամպերին Զամանը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը։ Զեկուցողներուն մէջ, բազմաթիւ թուրք եւ օտար մտաւորականներու կարգին կը հանդիպինք նաեւ Վահրամ Դանիէլեան, Մանուկ Աւետիքեան, Վիգէն Ճետարեան, Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, Արազ Գոճայեան, Միլէնա Աբրահամեան, Ֆիլիփ Կամակէլեան, Ճէյմզ Տէրունեան անուններուն։ Երկօրեայ համաժողովի արդիւնքներուն մասին գնահատականներ պիտի ընեն լրագրող Ճենկիզ Աքթար եւ «Սիվիլիթաս» հիմնարկի նախորդ տնօրէն Սալբի Ղազարեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.