ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Մարտունի շրջանին մէջ կը կառոցուի նոր թաղամաս մը։
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ 120 բնակարանները պիտի տրամադրուին ընկերային ծանր պայմաններու տակ ապրող, բազմազաւակ, կարիքաւոր ընտանիքներուն, պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն, իսկ մէկ մասը պիտի տրամադրուի բնակարանային վարկերով:
Նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքները կը կատարէ «Ֆերզիտ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը: Ըստ ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեանի՝ այս տարուան Փետրուարէն մեկնարկած բնակելի թաղամասի շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին Մայիս 2015ին։
Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ բազմաբնակարան, քառայարկ չորս շէնքերէ, որոնցմէ երեքին արտաքին պատերն ու տանիքները պատրաստ են, իսկ չորրորդի շինարարական շխատանքները տակաւին կը շարունակուին։
Թաղամասը պիտի ունենայ կեդրոնացեալ ջեռուցման համակարգ, ինչպէս նաեւ խաղահրապարակ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.