ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Հայ ընթերցողին դատին ներկայացուած է ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» վէպի հայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կ՛անդրադառնայ, արդէն թարգմանուած է քանի մը լեզուներու, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկատուած է ամէնէն աւելի վաճառուած գիրքերէն։
Վերջին հինգ տարին բացառապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր թարգմանած Արամ Արսէնեան կը խոստովանի, որ մեծ եռանդով ու պատրաստակամութեամբ սկսած է գիրքի թարգմանութեան:
Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին ընթացքին Արսէնեան հաստատած է, որ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է բառերու ընտրութեան, շեշտերուն, որպէսզի հայերէն տարբերակը բնագիրէն տարբեր չըլլայ: «Սցենարն այնքան հետաքրքրական էր, կարծես գրուած լինէր կինոսցենարի ոճով», դիտել տուած է Արսէնեան:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան շեշտած է, որ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը նախաձեռնութիւններ կը կատարէ, որպէսզի մինչեւ 2015 թուական գիրքը թարգմանուի նաեւ քանի մը այլ լեզուներու: «Գրքում չկայ զգացողութիւնների չափազանցութիւն, ցաւի ուռճացում, գիրքը օբյեկտիւ հարթութեան վրայ է ներկայացնում տեղի ունեցածը: Գիրքը դուրս է հրապարակախօսութեան ոճից եւ հէնց դրանում է կայանում նրա յաջողութիւնը», ըսած է Էդուարդ Միլիտոնեան:
«Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» գիրքը հրատարակուած է 2012 թուականին եւ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ լայն արձագանգ ունեցած գիրք մը։ Այս վէպի հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը պատրաստուի գեղարուեստական ժապաւէն։ «Ասիկա լաւագոյն գիրքն է, զոր ես երբեւէ գրած եմ ու կարեւորագոյնը՝ իմ բոլոր գրածներուս մէջ: Սիրտիս խորերուն մէջ ես ատիկա լաւ գիտեմ», առիթով մը ըսած է հեղինակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.