
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ նուիրահաւաքի թելեթոնն ու ֆոնեթոնը այս տարի ալ յաջողութեամբ պսակուեցան։
Յաջողութիւնը տպաւորիչ էր ոչ միայն հանգանակուած գումարով, այլեւ հազարաւոր նուիրատուներուն ցուցաբերած խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ։
Աշխարհի չորս ծագերէն հայ մարդիկ, վայրկեանը վայրկեանին, հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ յուզախառն լարումով հետեւեցան հայութեան եւ Հայաստանին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժին, այլեւ՝ ըմբոշխնեցին բերկրանքը, բաւարարութիւնն ու հպարտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք փութացին իրենց մասնակցութիւնը բերելու նուիրահաւաքին։
Յատկապէս տպաւորիչ էր ու ոգեւորող յաղթական տողանցքը մեր դպրոցականներուն, որոնք տարուան ընթացքին իրենց հաւաքած լումաները բերին եւ ամենայն հպարտութեամբ նետեցին հայութեան հաւաքական գանձանակին մէջ։
Ուշագրաւ է, որ հայութեան եւ Հայաստանին օգնութեան հասնելու զօրաշարժը, ամէն տարի կրկնուելով եւ այդ առումով որոշ մաշումի մատնուելով հանդերձ, շատ բան չի կորսնցներ ազգային մեր վերաթարմացման ու վերանորոգման սատարելու իր ներուժէն։
Ճիշդ է, նոյնինքն Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին նկատմամբ, անոր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, հրապարակ նետուած հարցականներն ու վերապահութիւնները դեռ լրիւ չեն փարատած։
Ի վերջոյ, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, պետական իշխանութեան ղեկը ստանձնած քաղաքական համակարգը տակաւին հեռու է վստահութիւն եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելէ աշխարհասփիւռ հայութեան։ Կառավարման փտախտը այնքան խոր է եւ հիւանդագին, որ հայ մարդը անձկութեամբ կը նայի Հայոց Պետական Տան եւ, այդ կռուանով, իրաւատէր համայն հայութեան ապահով, պայքարունակ ու բարգաւաճ գալիքին։ Զարմանալի չէ, հետեւաբար, որ հայութեան եւ Հայաստանի համար հանգանակուած նուիրատուութեանց նպատակամէտ օգտագործման շուրջ հարցականները կրծեն հանրային կարծիքը։
Բայց հակառակ ամէն կարգի հարցականներուն եւ վերապահութիւններուն, հայ մարդը ամէնուրեք խանդավառութեամբ ոտքի կը կանգնի անմիջապէս, երբ դէմ յանդիման կու գայ հայութեան եւ Հայաստանին օգնութեան փութալու մարտահրաւէրին։
Փաստօրէն մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին անփոխարինելի եւ անխարդախ գրաւականը կը գտնուի հայութեան եւ Հայաստանին օգնութեան հասնելու հայուն բնորոշ պատրաստակամութեան եւ յանձնառութեան մէջ։
Պատահական չէ, որ արտասահմանի մէջ սեփական սփիւռք ունեցող ճակատագրակից ազգերու քաղաքական գործիչները առասպելական պատկերացում ունին հայերուս ազգային միասնականութեան եւ իրերօգնութեան ներուժին վերաբերեալ։
Ի տես Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան եւ, ընդհանրապէս, սփիւռքահայ գաղութներու ձեռք բերած քաղաքացիական ազդեցիկ լծակներուն, ռուսն ու յոյնը եւ պարսիկն ու լիբանանցին, ակնառու օրինակներ թուելու համար, բարի նախանձով կը հետեւին Հայկական Սփիւռքի զօրաշարժի ընդունակութեան եւ, առ այդ, կարեւորութեամբ կը շեշտեն արտասահմանի տարածքին Հայկական Լոպիին հետ գործակցութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը։
Հայութեան եւ Հայաստանին նիւթապէս օգնելու զօրաշարժը, այս առումով, սոսկ նուիրահաւաքէ մը աւելին կը նշանակէ հայ մադոց համար։
Կը նշանակէ եւ կը խորհրդանշէ իւրաքանչիւր հայու մասնակցութեան իրաւունքը՝ Ազգին ու Հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու պայքարին մէջ։
Գերազանցապէս կամաւոր հիմք ունենալով՝ հայութեան եւ Հայաստանին օգնելու հայ մարդոց պատրաստակամութիւնը կ՛ընդլայնէ եւ ժողովրդային լայն խարիսխով կ՛օժտէ հաւաքական մեր ուժին կազմակերպումը։
Որեւէ ազգի պարագային չկայ աւելի ազդու եւ հզօր ուժ, քան ժողովրդային լայն յենարանին խանդավառ մասնակցութիւնը ազգային մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ։
Անձնուէր մասնակցութիւն մը՝ որ իր առթած բաւարարութեամբ եւ հպարտութեամբ սերունդները կը կապէ իրարու եւ, բոլորէն վեր, ամբողջ Ազգին ու Հայրենիքին։