ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հրակ Պասթեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի պատուական ընտանիքներէն Թոնի եւ Արաքսի Պասթեաններու զաւակը, ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ ու յաճախած է տեղւոյն Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ: Բարձրագոյն վարժարանի ուսման համար յաճախած է French American International High School, ապա շարունակելով համալսարանական ուսումը՝ ստացած է իր Bachelor of Arts վկայականը UCLA համալսարանէն: Ան որպէս իրաւաբան, ներկայիս կը գործէ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանէն ներս, արդարադատութեան բաժինին մէջ պատասխանատու պաշտօններով. ան նաեւ անդամ է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին ու մաս կը կազմէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մարմինին:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր հայկական ազգային նկարագիրի կերտման վրայ։
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- Եղբայրս՝ բժիշկ վիրաբոյժ Սեւակ Պասթեանը, եւ ես մեծցած ենք ջերմ հայկական ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ ու մեր ծնողներու անմիջական հսկողութեան տակ: Ծնողքս եւ մեր անմիջական ընտանեկան պարագաները միշտ հայերէն խօսած են մեզի հետ ու միշտ հայ լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի, երաժշտութեան ու եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը դրոշմած մեր մէջ: Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ եղած եմ դպիր՝ փոքր հասակէս, հետեւած եմ ՀՄԸՄի մարզական խումբերուն եւ այլ պատանեկան կազմերու:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչը ձեզ մղած է իրաւաբանական ասպարէզին հետեւելու:
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- 16 տարեկանիս, իմ հայ ընկերներով կանգնած ճամբու մը անկիւնը՝ ուրախ խօսակցութեամբ բարձրաձայն կը խնդայինք, երբ ոստիկան մը մօտեցաւ մեզի եւ շատ գէշ կերպով վարկաբեկեց մեզ, ապա առանց պատճառի ձեռքերնիս կապեց. երբ նկատեց, որ մենք ոեւէ մէկուն վնաս չէինք հասցուցած, մեզի ազատ արձակեց եւ ըսաւ. «Վերադարձէք ձեր երկիրը»: Այս արհամարհանքը մեծապէս վիրաւորեց հայու արժանապատուութիւնս, ու այս դէպքը պատճառ դարձաւ, որ ես որոշեմ փաստաբան ըլլալ, որպէսզի կարենամ ընկերներուս, ժողովուրդիս եւ ի՛մ իրաւունքները պաշտպանել՝ ի պահանջել հարկին:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Իրաւաբանական ի՞նչ համալսարաններ յաճախած էք, ե՞րբ եւ ո՞ւր:
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- Յաճախած եմ USF Law School Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանի իրաւաբանական դպրոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղայ 2008 թուականին: Ապա շարունակելով ուսումս՝ մասնագիտացած եմ Criminal Law եւ Personal Injury ճիւղերուն մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Այն հայ երիտասարդները, որոնք կը փափաքին փաստաբանութեան հետեւիլ, կը քաջալերէ՞ք զիրենք, կամ ի՞նչ խորհուրդ կ՛ուզէք տալ անոնց:
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- Փաստաբանութեան ճիւղը շատ ընդարձակ է եւ ունի զանազան հետաքրքրական մասնագիտութիւններ, ինչպէս ամերիկեան եւ միջազգային այլազան օրէնքներով: Այո՛, կը քաջալերեմ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները հետեւելու փաստաբանութեան, մանաւանդ մասնագիտանալու միջազգային իրաւագիտութեան մէջ, որ շատ կարեւոր է մեր հողային պահանջները հետապնդելու համար:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանէն ներս կը պաշտօնավարէք. ի՞նչ է ձեր ներկայ պաշտօնը կամ դիրքը քաղաքապետարանէն ներս:
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանին մէջ Assistant District Attorney եմ՝ Փետրուար, 2010էն ի վեր, իսկ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին նաեւ Director of Communications պաշտօնը կը վարեմ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք նաեւ, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի գործօն անդամներէն էք. ընդհանրապէս ի՞նչ աշխատանք կը տանիք այժմ:
ՀՐԱԿ ՊԱՍԹԵԱՆ.- Հայ Դատի աշխատանքները իմ մանկութեանս օրերէն իսկ կարեւոր իրականութիւն մը եղած են կեանքիս մէջ ու ընտանիքիս անդամներուն համար. կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր հայ, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, ազգային պարտականութիւն պէտք է սեպէ Հայ Դատը ծանօթացնելը իր հայ թէ օտար շրջապատին մէջ, եւ աշխատի, որ յառաջ տանի Հայ Դատի աշխատանքները, որպէսզի հասնինք մեր ազգին արժանի իրաւունքներուն: Ինչպէս գիտենք, 1915ը Ցեղասպանութեան 100ամեակն է. տեղական աշխատանքներու կողքին նաեւ շատ կարեւոր է, որ միջազգային դատական աշխատանքներ տանինք՝ զանազան անկիւններէ դիտուած, պահանջելով մեր արդար իրաւունքները. առանց միջազգային աշխատանքներ տանելու, կը մնանք հոն, ուր ենք այսօր: Թէ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանինք Ծովածոցի ու Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանին մէջ, ապա անոնք բազմաթիւ են. յիշելու համար քանի մը ձեռնարկներ ըսեմ, թէ 6 Դեկտեմբեր 2014ին պիտի ունենանք գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ու պիտի փորձենք գոյացնել շուրջ 300 հազար տոլար՝ զանազան ծախսերու համար: Սան Ֆրանսիսքոյի, Օքլընտի ու Սան Հոզէի քաղաքապետարանները պիտի լուսաւորուին, խաղաղ ցոյցեր եւ քաղաքական ելոյթներ պիտի ունենանք հրապարակներուն վրայ, պահանջելու համար մեր արդար իրաւունքները: Մինչեւ 24 Ապրիլ 1915, պիտի ունենաք Ցեղասպանութեան 100ամեակի գլխաւոր ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ՝ հերթական բանախօսական ձեռնարկեր:
Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքին մէջ հարուստ ենք համա-ամերիկեան առումով «Հայ Թեք»ի (High Tech) անհատներով ու իրենց ընկերութիւններով, բժիշկներով, երկրաչափներով, ճարտարագէտներով, դեղագործներով ու տակաւին՝ բազմաթիւ արհեստներու ու արուեստներու եւ ելեկտրոնային մեծ ընկերութիւններու մէջ մասնագէտներով. մեզի պակսողը միայն հայ քաղաքական գործիչներն են՝ մեր տեղական քաղաքապետարանէն ներս:
Միշտ բարի նախանձով հետեւած եմ Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի մեր հայ տղոց քաղաքական հետաքրքրութիւններուն ու յաջողութիւններուն. ես կը տեսնեմ այդ յոյսի նշոյլը մեր սիրելի Հրակ Պասթեանին մէջ ու մեր մաղթանքն է ապագային տեսնել զինք քաղաքական բարձունքներու վրայ: