ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Անգարա եւ Ուաշինկթըն համամիտ են սուրիական չափաւորական ընդդիմադիրները զինելու եւ մարզելու հարցին շուրջ, սակայն թռիչքներու արգիլեալ գօտիի եւ ապահովական գօտիի հարցերուն շուրջ՝ տարակարծութիւնները կը յամենան: «Դաշնակից ուժերուն կողմէ տակաւին որեւէ յանձնառութիւն չկայ, մասնաւորաբար թռիչքներու արգիլեալ գօտիին եւ ապահովական գօտիին վերաբերեալ», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Միայն օդային գործողութեան ճամբով կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ: Ցամաքային գործողութեան մը անհրաժեշտութիւնը կայ եւ Սուրիական ազատ բանակը պատրաստ է մասնակցելու այս ցամաքային գործողութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.