
ԵՐԵՒԱՆ.- Վանի քաղաքապետարանի խորհուրդը քննարկած է Վան նահանգի գիւղերու եւ թաղամասերու նախկին անունները վերականգնելու հարցը: Ըստ կայացած որոշումին՝ վերադարձուած են 704 գիւղերու եւ թաղամասերու հին անունները:
Ըստ «Ակունք»ի՝ Նոյեմբերին քաղաքապետարանի խորհուրդի համապատասխան յանձնախումբին կողմէ կատարուած նախապատրաստութենէն ետք տրուած որոշումին համաձայն՝ վերականգնուած են Բաշքալէի 81, Չալդրանի 86, Չաթաքի 34, Էդրեմիթի 18, Էրջիշի 105, Գեւաշի 37, Իփեքէօլուի 50, Մուրատիյէի 41, Օզալփի 53 եւ Սարայի գաւառի 25 գիւղերու եւ քաղաքներու նախկին անունները:
Այս որոշումը, որ կը նախատեսէ ընդհանուր թիւով 704 քրտական ու հայկական տեղանուններու վերադարձը, միաձայնութեամբ հաստատուած է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, ինչպէս նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւններու անդամներէն բաղկացած նշեալ խորհուրդին կողմէ: Այսուհետեւ, ներքին եւ արտաքին պաշտօնական ամբողջ գրագրութեան մէջ պիտի օգտագործուին այդ թաղամասերու եւ գիւղերու թրքերէն, քրտերէն ու հայերէն անունները:
herik e.hima el sksenk krderi vorre lizenk?