
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աշխարհի տարածքին կրթական գործունէութիւն մշակող ամերիկեան «Facing History and Ourselves» (դիմակայել պատմութիւնն ու մենք զմեզ) կազմակերպութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով որոշած է իրականացել հնգօրեայ համացանցային աշխատանիստ մը։
Յառաջիկայ տարուան Յունուար 26-30 կայանալիք «The Armenian Genocide and International Justice» (Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու միջազգային արդարութիւնը) խորագրուած սոյն աշխատանիստին նպատակն է քաջալերել ուսուցիչները, որ պատմական այս ահաւոր իրադարձութիւնը լուսարձակի տակ առնեն՝ հարց տալով, թէ միջազգային համայնքը ինչպիսի՞ պարտաւորութեանց տակ կը գտնուի, երբ նման զանգուածային ոճիրներ տեղի կ՛ուենան։
«Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարեւոր անկիւնադարձային իրադարձութիւն մըն է ցեղասպանութեան կանխարգիլման, միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց պատմութիւններուն համար։ Ռաֆայէլ Լեմքին «ցեղասպանութիւն» բառը հնարած է նկարագրելու համար Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեանց կողմէ հայերուն դէմ իրականացուած սպանդներու արշաւը։ Աշխատանիստը պիտի քննէ 20րդ եւ 21րդ դարերու գլխաւոր մարտահրաւէրները՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլումը, ազգայնականութեան վտանգները, գերիշխանութեան սահմանները, ցեղասպանութենէ ետք արդարութեան ապահովումը եւ միջազգային օրէնքի դերակատարութիւնը», գրուած է աշխատանիստի ծանուցման մէջ։
Աշխատանիստին առաջին 300 արձանագրուողները պիտի ստանան Հայկական Ցեղասպանութեան մասին կազմակերպութեան հրատարակած «Crimes Against Humanity and Civilization: The Genocide of the Armenians» («Մարդկութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Դէմ Ոճիրներ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը») հատորէն ձրի օրինակ մը։ Նշենք, որ հատորի թուայնացած տարբերակը ձրիաբար տրամադրելի է կազմակերպութեան կայքէն։
Աշխատանիստը մշակուած է յատկապէս 6-12 դասարաններու ուսուցիչներուն համար, իսկ զայն ամբողջացնելու համար, նշեալ հինգ օրերուն ընթացքին առնուազն 5 ժամ պէտք է յատկացնել՝ առնուազն երեք տարբեր առիթներով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.facinghistory.org կայքը եւ փնտռել «The Armenian Genocide and International Justice» բառերը։