ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի տեղակալ Եան Իլիասոն Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին այցելեց Պէյրութ՝ շարք մը տեսակցութիւններ ունենալով: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ երկիրի իրավիճակն ու յատկապէս սուրիացի գաղթականներու հոսքը դէպի Լիբանան:
Իլիասոն ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականներու թիւը զգալիօրէն աճած է Լիբանանի մէջ, ինչ որ կ՛առաջադրէ կրթական, առողջապահական, աշխատանքի հայթայթման եւ այլ կարելիութիւններու ստեղծումը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն գնով օգնելու Լիբանանին՝ այս հարցի լուծման քայլերը փութացնելու համար:
Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ նոյն օրը նախագահեց սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով համապարփակ ծրագիրի մը պատրաստութեան միտող ժողովին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Իլիասոն: Ծրագիրը կը ձգտի յառաջիկայ երկու տարիներուն լուծել այս տագնապին յառաջացուցած հարցերը՝ օժանդակութեամբ միջազգային ընտանիքին: ՄԱԿի մօտ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներու թիւը Լիբանանի մէջ կը հաշուէ 1.2 միլիոն, առանց նկատի ունենալու այն սուրիացիները, որոնք ՄԱԿի մօտ իբրեւ գաղթական չեն արձանագրած իրենց անունները:
Իլիասոն բարձր գնահատեց Լիբանանի հիւրընկալութիւնը՝ նշելով, որ «այս բեռը ոչ մէկ պետութիւն կրնայ կրել»: Ան ՄԱԿի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց յաւելեալ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին: Իր կարգին, վարչապետ Սալամ շեշտեց օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մաղթելով, որ օգնութեան խոստումները գործնական քայլերու վերածուին մօտիկ ապագային:
Լիբանանի մօտ ՄԱԿի հարցերու յատուկ համակարգողի տեղակալ Ռոս Մաունթըն, որ ներկայ էր վարչապետարանի ժողովին, յայտնեց, թէ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող լիբանանցի ընտանիքները եւս տնտեսական վատ պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Ան խոստացաւ ամէն գնով օժանդակել՝ գործակցելով Լիբանանի պետութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.