– Եւրոպական խորհրդարանը «Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման գաղափարին զօրակցող» բանաձեւ մը վաւերացուց Դեկտեմբեր 17ին, երբ Պաղեստինի անկախութիւնը ճանչնալու համար բաւարար քուէ կարելի չեղաւ ապահովել:
– Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Եւրոպական Միութեան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն դուրս բերաւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումը: Վերջինս այս որոշումը պաղեստինեան դատի յաղթանակը նկատեց:
– Պաղեստինեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Մայատին»ին հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթին սպառնացած է վեթօ օգտագործել, եթէ պաղեստինցիները Պաղեստինի անկախութեան ճանաչման հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմեն: Աղբիւրը նշած է, որ Օրէյքաթ հակադարձած է՝ ըսելով. «Վեթոյի օգտագործման պարագային, պիտի հակադարձենք միջազգային կազմակերպութեանց, նախ եւ առաջ՝ Միջազգային քրէական դատարանին անդամակցելու պահանջով»: Քերի նաեւ սպառնացած է հաստատել պատժամիջոցներ, որուն Օրէյքաթ պատասխանած է, թէ պաղեստինցի ժողովուրդը ոչինչ ունի կորսնցնելիք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.