Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, անդրադառնալով Ուքրանիոյ ճգնաժամին՝ ըսած է. «Ուքրանիոյ նայելով՝ միտքս Թուրքիան կու գայ: Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած էր 51 տարի առաջ, սակայն Թուրքիան տակաւին կը սպասէ Եւրոմիութեան դրան շեմին: Կը յիշեմ Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Վիքթոր Չեռնոմերտինի կատակը. «Ուքրանիան ե՞րբ պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան. Թուրքիայէ՛ն ետք: Թուրքիան ե՞րբ պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ. Երբե՛ք»»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.