ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացման կապակցութեամբ, Եւրոխորհրդարանը որդեգրած է յուշագիր մը, որով ընդգծած է, թէ այդ համաձայնագիրը կը տարածուի միջազգայնօրէն ընդունուած Վրաստանի ամբողջ տարածքին վրայ, թէեւ Ռուսիան «կը շարունակէ շրջափակել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շրջանները»:
Եւրոխորհրդարանը քննադատած է Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ ստորագրուած Համագործակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը՝ զայն նկատելով Աբխազիան Ռուսիոյ կցելու համազօր քայլ մը, միաժամանակ կոչ ընելով, որ Մոսկուա բեկանէ այդ խնդրայարոյց համաձայնագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.