ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ի երեկոյեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի հայկական թատերական ակումբի անդամները ներկայացուցին Սարգիս Մահսէրէճեանի «Նոր Տարուան Ոգին» թատերախաղը:
Աշակերտները իրենց բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, որ հայկական թատերական ակումբ մը ստեղծելու երազը իրականացուց:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող այս թատերախաղին ընթացքին, դերակատարները իրենց ինքնավստահ, տպաւորիչ եւ բացառիկ խաղարկութեամբ յաջողեցան հանդիսատեսին ուշադրութիւնը գրաւել եւ արժանացան անոր գնահատանքին:
Ձեռնարկի աւարտին, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը շնորհաւորեց դերակատար աշակերտները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց թատերական ակումբին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.