
ԵՐԵՒԱՆ.- Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Շաբաթ, 3 Յունուար 2015ին տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտը Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանին:
Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեան դիւանագէտի արժանիքներուն:
Ներկայ էին նաեւ հասարակական, քաղաքական, դաշնակցական, մշակոյթի ու արուեստի գործիչներ, պետական պաշտօնեաներ Հայաստանէն եւ Արցախէն, Ազգային ժողովի նախկին գումարումներու պատգամաւորներ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, ընկերներ, մարտական ընկերներ, գործընկերներ, դասընկերներ եւ լրագրողներ:
Ոմանք անոր վերջին հրաժեշտի համար եկած էին Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Լիբանանէն: Ներկաներու շարքին էր նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան:
Վահան Յովհաննիսեանին մարմինը ամփոփող դագաղին մօտ այս ընթացքին պատուոյ պահակ կանգնած էին դաշնակցականներ եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդներ՝ դրօշներով:
Հրաժեշտի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան (տեսնել՝ առանձին) եւ Յ. Թումանեանի անուան Երեւանի պետական տիկնիկային թատրոնի տնօրէն Ռուբէն Բաբայեան:
Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ հողին յանձնուեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի մարմինը: Ան թաղուեցաւ իր հօր՝ քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս եւ ականաւոր մտաւորական Էդուարդ Յովհաննիսեանի կողքին:
Վահան Յովհաննիսեանի ընկերները զայն անմահութիւն ճանապարհեցին «Վէրքերով լի» երգով: