Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հըզպալլայի Քաղաքական յանձնախումբի նախագահը:
Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրները:
Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը: Պատուիրակութիւնը վեհափառին ճամբով հայ ժողովուրդին ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:
Յայտնենք, որ նոյն օրը, այլ պաշտօնական հիւրերու կարգին, Արամ Ա.ին այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.