
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմակալ առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան Հոկտեմբեր 5ին, 2014 Միշըն Հիլզի մէջ գնտուող Արարատ Հայ Տարեցներու մատրան մէջ քահանայական «Կոչման Կարգ»ը կատարեց Սարգիս սրկ. Էյլէնճեանի, իսկ Հոկտեմբեր 7ի երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ իր մատուցած Սուրբ պատարագին ընթացքին քահանայ ձեռնադրեց եւ օծեց զինք՝ վերանուանելով Տ. Սերովբէ քահանայ:
Նորընծայ տէր հայրը իր քառասնօրեայ հոգեւոր խորհրդածութեան եւ պատրաստութեան շրջանը բոլորելէ ետք, Կիրակի, Նոյեմբեր 9ին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցեց իր Անդրանիկ Սուրբ պատարագը եւ քարոզեց: Արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Վենթուրա գաւառի (Թաուզընթ Օքս) Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ այցելու հոգեւոր հովիւը Սանթա Պարպարայի եւ Սան Լուիս Օպիսպոյի հայ համայնքներուն: Առ ի գիտութիւն, տէր հայրը սարկաւագ եղած ատեն հոգեւոր մատակարարը նշանակուած էր Վենթուրա գաւառի Հայց. եկեղեցւոյ: Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեան իր նոր պաշտօնը ստանձնեց 2015ի Յունուարի մէկին:
ՀԱԿԻՐՃ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՍԵՐՈՎԲԷ ՔՀՆՅ. ԷՅԼԷՆՃԵԱՆԻ
Տէր հայրը ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1976-1985 իր նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մէջ: Իսկ 1985-1992 Միջնակարգի եւ երկրորդականի իր ուսումը շարունակած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին մէջ: 1993-1994 Երկրոդական ուսումը աւարտելէ ետք յաճախած է BUC (Beirut University), հետեւելով ոսկերչական ձեւաւորման դասընթացքներուն:
2006ին կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կը սկսի յաճախել Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիները: 2008ին Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ձեռամբ կը ձեռնադրուի սարկաւագ եւ կը սկսի ծառայել Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս եւ Վենթուրա Գաւառի Ծուխին: Այս միջոցին հետեւաօ է առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած ու կազմակերպուած սարկաւագներու յատուկ եկեղեցական եւ կրօնական դասախօսութիւններու եւ դասընթացքներու: 2010ին կը սկսի յաճախել Կաթոլիկեան St. Johns Seminary Համալսարանը եւ 2013 թուի Մայիս ուսման ծրագիրը աւարտելով, որպէս աւարտաճառ կը ներկայացնէ Watch Your Steps «Այժմու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը Հայ Ընտանիքներէն ներս՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Թուղթ Ընդհանրականի լոյսին տակը» նիւթը եւ կը ստանայ Masters of Art in Pastoral Ministry վկայականը:
2014 Թուի Յունուարէն մինչեւ Յուլիս առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումը կը հետեւի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի քահանայից լսարանի դասընթացքներուն:
Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան ամուսնացած է Արուսեակ Պալիքեանի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով: