ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, 2015 թուականին ղարաբաղեան հարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումները կանխատեսելով՝ յայտնած է, թէ տեսանելի ապագային Ատրպէյճան պիտի չփոխէ ղարաբաղեան հարցին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը:
Ըստ անոր՝ պաշտօնական Պաքուն շփման գիծին մէջ կը դիմէ ներթափանցման՝ մեկնելով ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացէն ունեցած դժգոհութենէն: «Այդ կերպ Ադրբեջանն իր դժգոհութիւնն է արտայայտում բանակցութիւնների սեղանին դրուած փաստաթղթից, որը ներկայացրել են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրները», հաստատած է Մանոյեան:
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ նման քայլերու դիմել, խախտել զինադադարը՝ փորձելով ներգործել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վրայ: «Կարծում եմ՝ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ճնշում գործադրի Ադրբեջանի վրայ՝ ճանաչելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէսզի պաշտօնական Բաքուն գիտակցի, որ չի կարող երկար «գերութեան մէջ պահել խնդրի կարգաւորումը», դիտել տուած է Կ. Մանոյեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.