«Հայրենիք» հայրենակցական միութեան գրասենեակներուն կողմէ նախաձեռնուած ցուցադրութիւններուն ներկայ գտնուած են սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հասարակական, մշակութային եւ քաղաքական գործիչներ:
Յիշեցնենք, որ «Լեւոն Հայրապետեան. Կալանուած Ազատութիւն» ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է բարերարին կեանքը, անցած ուղին, Արցախեան հերոսամարտի ընթացքին մարտիկները ոգեշնչելու նպատակով Գանձասարի վանքի վերականգնումը, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման իմաստով անոր ունեցած ներդրումը:
Ժապաւէնին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ այս տարի Լեւոն Հայրապետեանի դէմ յարուցուած քրէական գործին: Տեսանիւթը կարելի է դիտել այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=L1JhLEN_w20 կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.