ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եւ այո՛, ահաւոր յուսախաբութեամբ ու բացասական զգացումներու զեղումով կը դիմաւորենք Պոլսոյ Պատրիարքութեան աթոռին նստած, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ելոյթը՝ թրքական պետութեան պատուէրով, Իսթանպուլի համալսարանի եւ «Թիւրք Օճաղը» միութեան միասնաբար կազմակերպած Համաժողովին (5 Յունուար 2015):
Հարիւրամեակի նախօրէին արդէն պարզ էր, որ թրքական պետութիւնը առաւել համակարգուած ձեւով պիտի աշխատի բազմաթիւ ճակատներու վրայ՝ հակազդելու համար հայկական պահանջատիրական արշաւին եւ պարզ էր նաեւ, որ թուրք իշխանաւորները իրենց զինանոցի ամէնէն ազդեցիկ զէնքերու շարքին կարեւոր կը նկատեն ունենալ հայ դաշնակիցներ, հայ ձայնակցողներ՝ թէ՛ արտաքին աշխարհին իրենց քարոզչութիւնը համոզիչ դարձնելու եւ թէ հայկական իրականութեան մէջ ներքին գզվռտոց ու պառակտում յառաջացնելու համար:
Արամ արք. թրքական այդ ծրագիրին իր տուրքն է, որ տուած է վերնոշեալ համաժողովի իր ուղերձով, ուր Պատրիարքութեան առաքելութեան անդրադառանալով, նախ նշած է, որ Պատրիքարաքարանը հոգեւոր իշխանութիւն մըն է եւ միջամուխ չըլլար քաղաքական «բանավէճերու», ապա կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ «Բայց եթէ նիւթը կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, մենք անպայման շինիչ թելադրանքներով կը մասնակցինք այս նիւթին», եւ այս շինիչ թելադրանքներէն է պատրիարքական ընտհանուր փոխանորդի յորդորը աշխարհի պետութիւններուն, որ «բան ու գործ թողած «պատմաբանաներու» չվերածուին ու չելլեն չճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
Անշուշտ զարմանալի չէ, որ, ինչպէս կը վկայէ «Ակօս»ը, թրքական ազգայնական թերթերը «ջերմօրէն արձագանգած են» Աթէշեան արքեպիսկոպոսի այս խօսքերուն: Գիտենք, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այս օրերուն բանակցութիւններու մէջ է թրքական իշխանութիւններուն հետ Պատրիարքաթան ընտրութեանց համար անոնց արտօնութիւնը ստանալու համար, եւ հաւանաբար ան խիստ մեծ ցանկութիւն ունի սիրաշահելու Էրտողանը, նուաստացնելով ինքզինք ու իր հոգեւոր իշխանութենէն դուրս այլ ոլորտներու մէջ թափառելով՝ գործիքի վերածուելով սեփական ազգին դէմ օգտագործուելու համար:
Ներեցէք, որ ներողամիտ չենք կրնար ըլլալ ու մեր զայրոյթը չենք կրնար թաքցնել: