ՀԵԴի հարիւրօրեայ ծրագիրները գործողութիւններու շարք մըն է՝ շաբաթական քարոզչական արշաւներէն սկսեալ, մինչեւ ցոյցեր, քաղաքական յարաբերական հանդիպումներ, մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, որոնց եզրափակումը պիտի ըլլայ Ապրիլ 24ի քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան:
«Հարիւրօրեայ գործողութիւններու ծրագիրը միջոց մըն է համայնքը մասնակից դարձնելու Հայ Դատի աշխատանքներուն: Կը դիմենք մեր համայնքի անդամներուն, որ մասնակցին այս ծրագիրին եւ զօրակցին մեր աշխատանքներուն», յայտնեց ՀԵԴի ատենապետ Արփա Հացպանեան:
Հարիւրօրեայ գործողութիւններու մասին մանրամասնութիւններ կրնաք քաղել այցելելով www.ayfwest.org: Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ծրագիրի որեւէ մասին, կրնան հեռաձայնել ՀԵԴ գրասենեակ 818-507-1933 կամ գրել ayf@ayfwest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.