
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».– Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 13 Յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի արարողութիւն՝ ի յիշատակ Գիւմրի քաղաքին մէջ 12 Յունուարին տեղի ունեցած յանցագործութեան զոհ դարձած Աւետիսեան ընտանիքին:
Հոգեհանգիստի արարողութեան կը մասնակցէին Արցախէն երիտասարդներ: Մասնակից երիտասարդներէն Արամայիս Աղաբեկեան նշած է. «Եկել ենք մասնակից դառնալու օրերս տեղի ունեցած ոճրագործութեան զոհ դարձած անմեղ քաղաքացիների ոգեկոչման արարողութեանը՝ դրանով իսկ ցոյց տալով, որ մենք՝ Արցախի երիտասարդներս անտարբեր չենք, մենք էլ ցաւում ենք, Աւետիսեանների վիշտը նաեւ մեր վիշտն է»: