Գիւմրեցիներուն եկեղեցի հոսքը դադար չունէր. բոլորը եկեղեցիէն դուրս կու գային արցունքոտ աչքերով: Ընտանեկան ողբերգութիւնը աննախընթաց է Գիւմրիի համար. գիւմրեցի ամուսինները «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կատարուածը նկատեցին 1988ի երկրաշարժէն ետք արձանագրուած ամէնէն ողբերգական դէպքը։
Եկեղեցւոյ բակին մէջ կային մեծաթիւ ծաղկեպսակներ՝ կազմակերպութիւններու, պաշտօնեաներու, պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու կողմէ յղուած:
Աւետիսեաններու քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին՝ ժամը 18:00ին: Սգոյ Ս. պատարագը մատուցանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, իսկ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 15 Յունուարին, ժամը 14:00ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.