ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ հրէական խանութի մը դէմ ահաբեկչութիւն գործած եւ 5 մարդ սպաննած իսլամ ծայրայեղական Ահմետի Քուլիպալիի այրին, որ կը գտնուի հետախուզման մէջ, պահուըտած է Թուրքիա: 26ամեայ Հայաթ Պումետիէն Պոլիս հասած է ամուսնոյն իրագործած ոճիրէն մէկ շաբաթ առաջ: Ըստ օրաթերթին՝ Ֆրանսայի կողմէ հետապնդուող կինը կը պատրաստուի Թուրքիայէն անցնելու Սուրիա:
Թրքական իշխանութիւնները հրապարակած են տեսագրութիւն մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս 26ամեայ կինը իր անցագիրը կը յանձնէ սահմանային ծառայութեան աշխատակիցներուն, որոնք փաստաթուղթերը կը կնքեն ու կը վերադարձնեն տէրերուն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Պումետիէն Սուրիա կը գտնուի:
Միւս կողմէ, Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքճեք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երիտասարդական մասնաճիւղերու ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «Շարլի Հեպտօ»ի վրայ փարձակումին ետին կը կանգնի իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը: Ան նշեց, որ Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն ճանչնալու թղթածրարին նեցուկ կանգնելու Փարիզի որոշումը նեղացուցած է Իսրայէլը, ինչ որ զայն մղած է Փարիզի մէջ այսպիսի քայլ մը առնելու:
«Իսրայէլ չ՛ուզեր, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման թղթածրարը Եւրոպայի մէջ զարգանայ, ուստի անոր գաղտնի սպասարկութիւնը այս յարձակումները կը գործէ՝ եւրոպացիներուն մօտ իսլամութեան եւ իսլամներուն նկատմամբ թշնամութիւնը աճեցնելու», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտնեց, որ Ֆրանսայի դէմ վերջին յարձակումները անարդարանալի են՝ շեշտելով, որ «համակեցութեան արժէքները գերակշիռ պիտի մնան ֆրանսական ընկերութեան մէջ:
Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց զգուշութեամբ գործելու եւ ո՛չ հակասեմական ու հակաիսլամական արարքները ընդունելու, ո՛չ ալ՝ մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող իսլամ ծայրայեղականներուն հետ մեղմ վարուելու: «Միասնականութիւնը Ֆրանսայի ուժն է», ըսաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.