Հայկական եւ յունական սփիւռքը արդէն հազարաւոր նամակներ յղած է զանազան խմբագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆիլմի արտադրութեան պատասխանատուներուն՝ պահանջելով չցուցադրել պատմական փաստերը խեղաթիւրող թրքամէտ այդ ժապաւէնը:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ այդ ֆիլմը կ՛ոտնահարէ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու եւ յոյներու սերունդներու զգացումները: Թերթը վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ստացած է հազարաւոր նամակներ, ուր կը պահանջուի Ցեղասպանութեան ընթացքին դաժանաբար սպաննուած մարդոց անունով միջամտել եւ դատապարտել ֆիլմը: «Եթէ նկարահանէին ժապաւէն մը, ուր Ատոլֆ Հիթլեր ներկայացուէր որպէս հերոս, իսկ հրէեաները՝ ահաբեկիչ, բոլորը ջլախտի կը մատնուէին: «Ջուր Որոնողը» ժապաւէնն ալ այդ ձեւով կը խեղաթիւրէ փաստերը եւ կը գօտեպնդէ Թուրքիան՝ անոր թոյլ տալով շարունակել Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը», ըսուած է այդ նամակներէն մէկուն մէջ, զոր հրատարակած է շաբաթաթերթը:
Խնդրայարոյց ժապաւէնին բեմադրիչը եւ գլխաւոր դերակատարը Ռասըլ Քրօն է, դերասանական կազմը մեծ մասով կը բաղկանայ թուրքերէ, նկարահանումներն ալ ընդհանրապէս կատարուած են Թուրքիոյ մէջ:
Միայն Աւստրալիոյ մէջ ժապաւէնը արդէն 10 միլիոն տոլար եկամուտ ապահոված է:
Առ այժմ, ո՛չ Ռասըլ Քրօ, ոչ ալ շարժապատկերի ընկերութիւնը որեւէ մեկնաբանութիւն կատարած են այս առնչութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.