Ըստ «infocatolica.com» կայքին՝ այդ կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ, այդ կոչումին կրնայ արժանանալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ կաթոլիկ աշխարհին մէջ կը համեմատուի Սուրբ Օկուստինի հետ, նկատի ունենալով անոնց աշխատութիւններու քանակը եւ ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն վրայ: Կայքը կ՛անդրադառնայ Նարեկացիի կենսագրութեան: Կը նշուի, որ ան մեծապէս նպաստած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման: Կայքը կը գրէ, որ Նարեկավանքը, ուր ուսած է Գրիգոր Նարեկացին, 1915ին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն, հիմնովին քանդուած է, եւ կ՛աւելցնէ, որ 1915-23ի Ցեղասպանութեան զոհ գացած է 1.5-2 միլիոն հայ:
Կայքը կը գրէ նաեւ, որ Նարեկացին ականաւոր աստուածաբան է եւ հայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը: Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շատ լեզուներով, իսկ 1984ին, երգահան Ալֆրետ Շնիթքէ Նարեկացիի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ մը՝ երգչախումբի համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.