
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 5ին, Մորակայի «Սէյնթ Մերիզ» համալսարանին մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութիւնը «Տարուան Դաստիարակը» մրցանակով մեծարեց Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանը:
Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութիւնը ամէն տարի, նահանգի տարբեր շրջաններուն մէջ կրթական յատկանշական բարեկարգումներ եւ իրագործումներ կատարած դաստիարակներու կը շնորհէ հեղինակաւոր այս մրցանակը: Միութիւնը լուսարձակի տակ առած է յատկապէս տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի նուիրումը՝ կրթական նորարարական եւ յառաջդիմական միջոցներ որդեգրելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն մօտ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէր ու յարգանք սերմանելու նպատակով անոր որդեգրած քայլերը, որոնց շնորհիւ աշակերտները կը հասնին այն համոզումին, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը հայութիւնը ներկայացնող «դեսպան» մըն է:
Ձեռնարկին ընթացքին Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութեան տնօրէն Փիթըր Մըրֆի դրուատեց տնօրէնուհի Անտոնեանի նուիրումը եւ ակնկալուածէն աւելին տալու անոր պատրաստակամութիւնը։