ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Յունուար 28ի կէսօրին, համալսարանի «Կրաունտ Զիրօ» սրճարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային զրոյց մը, որուն ընթացքին փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի խօսի «Կէս Ներգաղթող» նիւթին մասին։ Զրոյցին պիտի մասնակցի նաեւ դոկտ. Ուիլեըմ Տեւըրըլ։
Զրոյցը ուղղակի պիտի սփռուի http://capture.usc.edu/Mediasite/Play/2e73119b5c3d452999753a62c89e662a1d կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.