ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 29 Յունուարին ամերիկեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանի պատասխանը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանի նամակին:
Իր նամակին մէջ ան նշած է, որ Ատրպէյճանի դեսպանը, ըստ երեւոյթին, կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն՝ անտեսելու մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու դէմ շարունակական արշաւը իր երկրին մէջ: Փոխարէնը, ան կ՛առաջարկէ ուշադրութիւն սեւեռել ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան վրայ, որ կը մնայ չլուծուած՝ Ատրպէյճանական ռեւանչիստական նկրտումներուն պատճառով։
«Ըստ երեւոյթին, որ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի դէմ արիւնալի յարձակումների աճի միջոցով է Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը փորձում ե՛ւ ներքին, ե՛ւ միջազգային ուշադրութիւնը շեղել իր երկրում ազատութիւնների եւ այլակարծութեան նկատմամբ ճնշումներից: Ադրբեջանական ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ այդպէս այն միայն խորացնում է միջազգային հանրութեան հետ անջրպետը եւ յետաձգում տարածաշրջանային խնդիրների լուծումը:
Ադրբեջանը պէտք է դադարեցնի երկրում առկայ թերութիւններն արդարացնելու նպատակով պատրուակների, այդ թւում ռազմական սադրանքների օգտագործումը: Ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութիւնն ապացուցում է, որ իրական ժողովրդավարութիւնը հնարաւոր է անգամ արտաքին ագրեսիայի մշտական սպառնալիքի պայմաններում», նշուած է նամակին մէջ։
Ռոբերտ Աւետիսեան գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւնը շահագրգռուած են տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն մէջ, որոնց կարգին՝ դրացի Ատրպէյճանի, խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.