ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Մարդկային իրաւանց դէտ» (Human Rights Watch) կազմակերպութիւնը հրապարակած է տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ կը փաստէ, որ աշխարհի բազմաթիւ կառավարութիւններ մեծ սխալ մը կը գործեն՝ անվտանգութեան խնդիրներու քօղին տակ կ՛անտեսեն մարդու իրաւունքները:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան 2015 թուականի զեկոյցը նուիրուած է աւելի քան 90 երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ 2013ի վերջին ամիսներէն մինչեւ 2014ի Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին: «Տարին ուշագրաւ էր առանձնայատուկ լարուածութեամբ», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Հայաստանը, ինչպէս դրացի երկիրները, իրաւապաշտպան կազմակերպութեան քննադատութեան թիրախ դարձած են:
2014 թուականին Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակած են միջամտել խաղաղ ցոյցերուն: Ոստիկանութիւնը, համաձայն իրաւապաշտպաններուն, անցած տարուան առաջին կիսամեակին խաղաղ ցոյցերու ընթացքին առնուազն 70 գործիչ ձերբակալած է, որոնց կարգին Աֆրիկեաններու շէնքի քանդման դէմ բողոքող, ելեկտրականութեան սղութեան դէմ հանդէս եկող ցուցարարները:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երեւանի մեթրոյի երեք աշխատակիցներու աշխատանքէ արձակման: Կազմակերպութիւնը չէ շրջանցած Շանթ Յարութիւնեանի եւ անոր 13 աջակիցներու ձերբակալութիւնը, Շանթի 15ամեայ որդիին կալանաւորման փորձերը:
Տեղացի իրաւապաշտպաններուն կարծիքով՝ այս բոլորին դրդապատճառները քաղաքական են, նշուած է զեկոյցին մէջ:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձած է նաեւ կալանաւորուածներուն նկատմամբ խոշտանգումներու խնդիրներուն՝ աւելցնելով անոնց վերաբերեալ լրագրողական հետաքննութիւններու ձախող փորձերը: Լրագրողները շարունակած են բախիլ ճնշման եւ բռնութեան, նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Զեկոյցին հեղինակները լուսարձակի տակ առած են նաեւ բանակին մէջ շարունակուող լուրջ չարաշահումները:
Կազմակերպութիւնը կը յիշէ «Իրաւունք» թերթի աղմկայարոյց հրապարակումը՝ 60 հոգիէ բաղկացած «սեւ ցուցակը»: Լրատուամիջոցներու բազմակարծութիւնը կը շարունակէ սահմանափակ մնալ, նշած է զեկուցումը։
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին իրաւապաշտպան կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քենեթ Ռոթ, անդրադառնալով նախկին խորհրդային երկիրներուն, ըսած է, թէ այդ երկիրներուն մէջ տպաւորիչ փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած: «2012 թուականին Կրեմլի նախաձեռնած՝ խորհրդային տարիներից ի վեր ամենահուժկու հետապնդումները այլախոհների, անկախ լրագրողների եւ խաղաղ ցուցարարների նկատմամբ շարունակուել են», յայտնած է Ռոթ:
Նման չարաշահումներու վերաբերեալ Արեւմուտքի բաւական սահմանափակ արձագանգը միանգամայն կարելի դարձուց ուքրանական ճգնաժամի խորացումը: Ռոթի համաձայն՝ «փակ տեղեկատուական համակարգը Կրեմլին թոյլ տուեց ճնշել հասարակական դժգոհութիւնը, որն առաջացել էր Ուկրաինայում Ռուսաստանի գործողութիւնների պատճառով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.